Մալխաս Ամոյեանը՝ Ըմբշամարտի Եւրոպայի Ախոյեան

Մալխաս Ամոյեանը յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մինչեւ 23 տարեկան ըմբիշներու Եւրոպայի առաջնութեան եզրափակիչին՝ 6։0 հաշիւով՝ յաղթելով ուքրանացի Անտրէ Կուլիկին՝ նուաճեց ոսկէ մետալը։ Ամոյեանը անպարտելի անցնելով գօտեմարտերը՝ մրցափուլերէն իւրաքանչիւրին վաստակեցաւ երեքական միաւոր […]

Հայ Դատի Յանձնախումբը եւ Գանատայի Յունական ու Կիպրական Կազմակերպութիւնները կը Դատապարտեն Ազրպէյճանական Բռնարարքները

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը (ANCC), Գանատական Յունական Գոնկրէսը (CHC- Canadian Hellenic Congress) եւ Գանատայի Կիպրական Դաշնակցութիւնը (CFC- Cypriot Federation of Canada) Մայիս 20-ին հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը՝ Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի […]

Հայ Դատը Դատապարտեց Գերիները Ազատ Արձակելու Հարցին Նկատմամբ Ուաշինկթընի Անտարբերութիւնը

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան նամակներ յղեց առաւել քան 100 քոնկրեսականներու, որոնք Ճօ Պայտընի վարչակարգին հասցէագրուած եւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին նախաձեռնած 19 Փետրուար թուակիր նամակով կոչ ըրած էին […]

Պէտք է յարգուի Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը. Յունաստանի ԱԳՆ

Մօտէն հետեւելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծին վրայ ատրպէյճանցիներու կատարած ոտնձգութիւններու ծաւալումը Սիւնիքի մէջ, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Twitter-ի իր էջին վրայ հրապարակում մը կատարեց, որով կը յայտնէ, թէ պէտք է […]

ՀՀ Ստորաբաժանումները Նախազգուշացնող Կրակ Բացած Են Սահմանին

Մայիս 20-ին միջադէպ եղած է Գեղարքունիքի մարզի սահմանային հատուածին վրայ՝ ՀՀ տարածքը հատած ազրպէյճանցի զինուորականներու մասնակցութեամբ։ Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։ «Ժամը 15.00-ի սահմաններուն, քանի մը տասնեակ կրակոց […]

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը Կը Դատապարտէ Հրեայ Երիտասարդներու Կողմէ Հայ Հոգեւորականին Վրայ Յարձակումը

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան հոգեւորականներէն մէկը հրեայ երիտասարդներու կողմէ յարձակման ենթարկուեցաւ: Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը դէպքին առիթով հրապարակեց  յայտարարութիւն մը՝ խստիւ դատապարտելով Սուրբ Յակոբեանց միաբանութեան անդամ Արբակ աբղ. Սարուխանեանի վրայ հրեայ երիտասարդներու […]

Կրօնական Ազատութեան Միջազգային Յանձնաժողովը (USCIRF) Մտահոգուած է Շուշիի Ղազանչեցոց Եկեղեցւոյ Վիճակով

Կրօնական ազատութեան միջազգային յանձնաժողովը՝ USCIRF-ը, մտահոգուած է, որ Ազրպէյճանի «Կրօնական ազատութեան մասին» օրէնքին մէջ առաջարկուող փոփոխութիւնները չեն անդրադառնար անցեալ տարի USCIRF յանձնակատարներու կողմէ բարձրացուած հարցերուն, ինչպիսիք են Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ […]

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահը Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Նամակ Յղած Է Իսլանտիոյ Խորհրդարանի Նախագահին

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփը նամակ յղած է Իսլանտիոյ խորհրդարանի նախագահ Սդէյնկրիմուր Սիկֆուսոնին՝ խնդրելով չաջակցիլ խորհրդարան ներկայացուած Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։ Շենթոփ նամակին մէջ նշած […]

Բողոքի Ցոյց՝ Լոս Անճելըսի Ազրպէյճանի Դեսպանտան Առջեւ

Շաբաթ, 15 Մայիսի յետմիջօրէին, Լոս Անճելըսի մէջ Ատրպէյճանի ընդհանուր հիւպատոսարանին առջեւ տեղի ունեցաւ համայնքային բողոքի ցոյց մը, դատապարտելու համար Սիւնիք ներխուժելու՝ Ազրպէյճանի քայլը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ասպարէզ»-էն։ Պաշտօնական […]

Վարդգէս Մահտեսեան Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցւչ Հռչակուեցաւ

Ուրբաթ, 14 Մայիս 2021-ին, ժամը 1:30-ին, Կիպրոսի Խորհրդարանական ընտրութիւններու յանձնակատարին կողմէ Վարդգէս Մահտեսեան իբրեւ անմրցակից միակ թեկնածուն` կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ հռչակուեցաւ Ներկայացուցչական տան յառաջիկայ 2021-2026 նստաշրջանին համար: