ԱՄՆ Քոնկրեսի Անդամները Պայտընի Վարչակազմէն Կը Պահանջեն Ազրպէյճանը Զրկել Ռազմական Օգնութենէն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբին ջանքերով՝ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի տասնեակ անդամներ միացած են Տէյվիտ Վալատաոյին եւ Քոնկրեսի հայկական խումբի ղեկավարներուն` Պայտընի վարչակազմին կոչ ընելով դադրեցնելու Ազրպէյճանին տրուող ամերիկեան ռազմական օգնութիւնը, որ ուղղակիօրէն եւ անուղղակիօրէն կը նպաստէ Ազրպէյճանի ռազմական գործողութիւններուն եւ այդ երկրի ռազմական կարողականութիւններու բարձրացման:

Մայիս 24-ով թուագրուած՝ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքենին ուղղուած նամակը ստորագրող քոնկրեսականները կոչ կ՝ընեն անյապաղ դադրեցնելու Ալիեւի վարչաձեւին ԱՄՆ-ի ռազմական եւ անվտանգային օգնութեան բոլոր տեսակներու տրամադրումը:

Քոնկրեսականները մտահոգութիւն կը յայտնեն նախագահ Պայտընի կողմէ 907-րդ բանաձեւի պահանջներու կատարումէն հրաժարելու կապակցութեամբ։ Այդ բանաձեւին պահանջներով կը սահմանափակուի ԱՄՆ-ի օգնութիւնը Ազրպէյճանին` հիմք ընդունելով Հայաստանի եւ Արցախի շրջափակումն ու յարձակումը։

Նամակին հեղինակները մտահոգութիւն յայտնած են, որ առանց հաշուի առնելու Ազրպէյճանի կողմէն Հայաստանի եւ Արցախի շրջափակման վերացման շուրջ առաջընթացը եւ յարձակման կիրառման փաստը՝ Պետական բաժանմունքը հրաժարած է բանաձեւին կատարումէն՝  «չմանրամասնելով ազգային անվտանգութեան լուրջ մտահոգութիւններ» ըսուածը, որ հիմք ընդունուած էր 907-րդ բանաձեւէն հրաժարման համար։

Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան կը նշէ. «Ամերիկահայերը՝ Ֆրեզնոյէն մինչեւ Քալիֆորնիոյ կեդրոնական հովիտներ, կը միանան մեր համայնքին ու գործընկերներուն ամբողջ Ամերիկայի մէջ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեն քոնկրեսական Վալատաոյին եւ Քոնկրեսի հայկական խումբի համանախագահներուն՝ Ալիեւի վարչաձեւին տրուող ամերիկեան ռազմական օժանդակութեան դադրեցման պայքարին համար։ Պաքուի կողմէ սրուող յարձակման պայմաններուն մէջ մենք յատկապէս կը գնահատենք Վալատաոյի ջանքերը, որ այցելած է Արցախ, ծանոթացած այնտեղ ապրող մարդոց մարտահրաւէրներուն եւ վտանգուած բնակչութեան»։

Ամերիկեան քոնկրեսականներու երկկուսակցական նամակին բովանդակութեան կարելի է ծանօթանալ հետեւեալ յղումով։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ

25.05.2021թ.