Վերին Շորժայի Մէջ Հակառակորդի Կրակոցէն Հայ Զինուոր Մը Զոհուած Է

Հայաստան

Գեղարքունիքի մարզի Վերին Շորժայի սահմանային հատուածին վրայ, հակառակորդի արձակած կրակահերթերէն ետք սկսած փոխհրաձգութեան հետեւանքով, զոհուած է 1989-ի ծնունդ պայմանագրային զինծառայող, կրտսեր սերժանտ Վ. Յ. Խուրշուդեան։

ՊՆ-ն կը յայտնէ, որ իրավիճակը այս պահուն վերահսկելի է, կրակոցներ չկան։