Category: Աշխարհ
Կոմիտաս՝ Ցեղասպանութեան Զոհը․ BBC-ի Անդրադարձը
Հեղինակաւոր BBC-ն ծաւալուն յօդուած հրապարակած է Կոմիտաս վարդապետի մասին։ Յօդուածը անդրադարձած է նաեւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Շուշիի հրետակոծուած եկեղեցւոյ մէջ թաւջութակահար Սեւակ Աւանէսեանի՝ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնը նուագելու հոլովակին։ Այս մասին […]
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու Տարեկան Համագումարին
Եկեղեցական ընտանիքներու քարտուղարներու համագումարը (Conference of Secretaries օf Christian World Communions) իր տարեկան ժողովը առցանց գումարեց 12-14 Հոկտեմբեր 2021-ին: Ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Հրանդ […]
ԱՄՆ Ծերակոյտի Յանձնախումբը Արցախի Ականազերծման Օժանդակելու Կոչ Ըրաւ
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնախումբը յանձնարարեց 2022-ի պետական ամավարկին մէջ մինչեւ 2 միլիոն տոլար նկատի ունենալ Արցախի ականազերծման ջանքերուն համար եւ մտահոգութիւն յայտնեց Կովկասի ներկայ […]
«Այնթապի Հայերը» Նիւթով Առցանց Բանախօսութիւն
Շաբաթ, 30 Հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10-էն սկսեալ, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ՝ տեղի պիտի ունենայ «Այնթապի Հայերը» նիւթով առցանց բանախօսութիւնը։ Նիւթը պիտի ներկայացնէ դոկտ․ Ումիթ Քիւրթ, որ […]
Եւրոպայի Խորհուրդի Նախարարներու Կոմիտէի Անդամ Դեսպաններուն Ներկայացուեցան Ազրպէյճանական Խախտումները
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան ընդունեց Եւրոպայի խորհուրդի (ԵԽ) նախարարներու կոմիտէի ժողովրդավարութեան հարցերու բարձրաստիճան զեկուցողներու խումբ մը` պատուիրակութեան նախագահ, ԵԽ-ի մօտ Շուէտի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Մարթին Էհնպերկի ղեկավարութեամբ: Այս […]
ՀՅԴ Հայ Դատի Նիտըրլանտներու «Գարեգին Նժդեհ» Երիտասարդական Միութան Անդամներու Ցոյցը Հաագայի Միջազգային Դատարանին Առջեւ
ՀՅԴ Հայ Դատի Նիտըրլանտներու «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութեան անդամները ցոյց ըրած են Հաագայի միջազգային դատարանին առջեւ, ուր տեղի կ՝ունենային «Ազրպէյճան ընդդէմ Հայաստանի» գործով հրատապ միջոցներու վերաբերեալ բանաւոր լսումները: Այս մասին […]
Հինգ Հայ Գերիներ Երեւան Վերադարձան
Հինգ հայ գերիներ այսօր երեկոյեան Պաքուէն տեղափոխուեցան Հայաստան։ Այս մասին կը յայտնէ «Spuntik Արմենիա»-ն: Վերադարձող գերիներն են Մելս Կարապետի Ամբարդանեանը, Ռաֆիկ Ռոպերթի Կարապետեանը, Ժորա Վանոյի Մանուկեանը, Սեդրակ Սամուէլի Սողոմոնեանը, Յովսէփ […]
Կարսի Հարիւրամեայ Հայկական Եկեղեցին՝ Վերանալու Վտանգի Առջեւ
Կարս քաղաքի Քալէիչի թաղամասին մէջ գտնուող հարիւրամեայ հայկական եկեղեցին, որ յայտնի է նաեւ «Ռուսական եկեղեցի» անունով, վերջնականապէս վերանալու վտանգի տակ է։ Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները։ Հայկական աղբիւրին […]
«Կոմիտաս»-ը Դարձեալ Պիտի Բեմադրուի Գումգաբուի Մէջ
Պոլսոյ 24-որդ փառատօնին ընթացքին կատարուած «Կոմիտաս»-ը, 11 ամսուան ընդհատումէ մը ետք, Կոմիտաս վարդապետի մահուան տարելիցին, 22 Հոկտեմբերին, դարձեալ պիտի բեմադրուի։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ակօս»-էն։ «Եոլճու» (Ճամբորդ) թատերախումբը այս […]
Ազրպէյճանական ԶՈւ Ստորաբաժանումները Կրակած Են Երասխ Գիւղին Ուղղութեամբ (տեսանիւթ)
Հոկտեմբեր 15-ին՝ ժամը 15։00-ի սահմաններուն, ազրպէյճանական ԶՈւ ստորաբաժանումները կրակած են Հայաստանի Հանրապետութեան Արարատի մարզի, մասնաւորապէս՝ Երասխ գիւղի, եւ այդ հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով այրած են գիւղի […]










