Սոփրանօ Մանէ Կալեան Արժանացաւ Օփերայի «Օփարելիա» Մրցոյթի Երկրորդ Մրցանկին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Սոփրանօ Մանէ Կալեան արժանացաւ Օփերայի «Օփարելիա» 2021-ի մրցոյթի երկրորդ մրցանակին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ասպարէզ»-էն։

Մանէն աւարտած է «Հիւսթըն Կրենտ Օփերա Սթիւտիօ»ն, նաեւ ունի երկու տիտղոսներ Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցէն: Կալեան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու, ինչպէս՝ 2013-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի Երիտասարդական մրցանակին,  27-րդ ԷլիէօնորՄքՔալըմ մրցոյթի եւ «Հիւսթըն Կրենտ Օփերա»ի Արիաներու համերգի Առաջին մրցանակին:

Ան իր ամուսինին՝ խնբավար Ռոպերթօ Քալպի հետ կ՛ապրի Պեռլին: