ՀՀ ՊՆ Ռազմական Ոստիկանութեան Մօտ Սուրբ Պատարագ Մատուցուած է

ՀՀ ՊՆ ռազմական ոստիկանութեան մօտ, Հոկտեմբեր 13-ին, Սուրբ Թարգմանչաց տօնին առիթով, մատուցուած է Սուրբ Պատարագ ՀՀ ԶՈւ հոգեւոր առաջնորդ Տէր Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի հանդիսապետութեամբ: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ […]

ՀՀ Նախագահը Ստեփանակերտի Մէջ Ներկայ Եղած է «Բերքի Տօն» Տօնավաճառին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, անցնող Կիրակին անցուցած է Արցախի մէջ: ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նախագահը Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ ներկայ եղած է Գիւղատնտեսութեան աշխատողի […]

Արցախի Մէջ Աճեցուած Արեւադարձային Միրգերը Զարմացուցած են Այցելուները (լուսանկարներ)

Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, Հոկտեմբեր 14-ին, կազմակերպուած էր «Բերքի տօն»ը՝ նուիրուած գիւղատնտեսութեան աշխատողի օրուան: Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ տօնավաճառին Արցախի բոլոր շրջանները եւ ՀՀ-ի ու ԱՀ-ի մէջ գործող շարք մը ընկերութիւններ ներկայացուցած եւ […]

Ծանրորդ Կարէն Մարգարեան Դարձաւ Պատանեկան Ողիմպիական Խաղերու Ախոյեան

Հայաստանի ողիմպիական հաւաքականը առաջին եւ ոսկի մետալը նուաճեց 3-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերուն: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` ծանրամարտի 77 քկ․ դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարէն Մարգարեան պոկում վարժութեան մէջ բարձրացուց 141 քկ․ այնուհետեւ […]

Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Անդամ Երկիրներու Ղեկավարները Պարած են Հայկական Երաժշտութեան Տակ. Տեսանիւթ

Համացանցի մէջ լայն տարածում կը ստանայ այն տեսանիւթերը, ուր կ՛երեւի, թէ ինչպէս Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, անոր կինը, Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միքայէլ Ժանը ու անոր ամուսինը, Գանատայի […]

Նիկոլ Փաշինեանի եւ Էմանուէլ Մաքրոնի Կողմէ Կնքուեցաւ Մէկ Նամականիշով Գեղաթերթիկ՝ Նուիրուած «Աշխարհահռչակ Հայեր. Շառլ Ազնաւուր» Թեմային

Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ՝ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթնաժողովին ծիրէն ներս՝ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ կնքուեցաւ մէկ նամականիշով գեղաթերթիկ՝ նուիրուած «Աշխարհահռչակ հայեր. Շառլ Ազնաւուր» թեմային: […]

Սոֆիա Անունով Ռոպոթը Ֆրանսախօս Երկիրներու Տնտեսական Համաժողովին Խոստացաւ Ֆրանսերէն Սորվիլ

Արհեստական բանականութեամբ օժտուած Սոֆիա անունով երկաթամարդը (robot) ելոյթ ունեցած է Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս կազմակերպուած տնտեսական համաժողովին ժամանակ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Սոֆիայի ելոյթը անգլերէն եղած է, բայց ան խոստացած է […]

Հայ Ճարտարագէտներու Մշակած Հեռահար Կառավարմամբ Գնդացիրը Կրնայ Փոխարինել Զինուորը

Հայ ճարտարագէտները կը շարունակեն աշխատիլ՝ կատարելագործելու համար մշակումը գնդացիրներու, շարունակելով բարձրացնել կրակոցներու ճշգրտութիւնը, ինչպէս նաեւ զէնքի դիւրաշարժութիւնը։ «ԿԲ Իքս» ընկերութիւնը ներկայացուցած է հեռահար կառավարմամբ գնդացիրի բարեփոխուած տարբերակներ։ Երկու նման նմոյշներ […]

Ֆրանսախօս Երկիրներու Ձեռնարկներու Հիւրերը Հնարաւորութիւն Ունին Իրենց Այցելութիւններով Բացայայտելու Հայաստանը

Երեւանի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովը իրականացնելը մեծ հնարաւորութիւն կու տայ Հայաստանը աւելի ճանաչելի դարձնելու աշխարհի շատ երկիրներու մէջ, յատկապէս ֆրանսախօս երկիրներու: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին նշած է ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ […]

Ֆրանսախօս Երկիրներու Աւանը Մշակոյթներու եւ Քաղաքակրթութիւններու Հանդիպման Խաչմերուկ է. Աւանը Պաշտօնապէս Բացուեցաւ

Ֆրանսախօս երկիրներու աւանը մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու հանդիպման վայր եւ խաչմերուկ է: Հոկտեմբեր 9-ին, Երեւանի մէջ կայացաւ աւանի պաշտօնական բացումը: «Հիւրընկալելով ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովը՝ մեր մայրաքաղաքի հազարամեայ պատմութեան էջերը զարդարուեցան եւս մէկ բացառիկ եւ գեղեցիկ իրադարձութեամբ:  ֆրանսախօս երկիրներու աւանը մէկ յարկի տակ կը միաւորէ աշխարհի 5 ցամաքամասերէն տասնեակ երկիրներ՝ իրենց մշակութային բազմազանութեամբ: ՖՄԿ-ն կը գործէ ի նպաստ խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան, անդամ երկիրներու միջեւ համագործակցութեան զօրացման: Այս ամենուն վառ ապացոյցն է «Ապրիլ եւ ստեղծել միասին» կարգախօսը եւ այս կարգախօսին ներքոյ կազմակերպուած գեղեցիկ աւանին գոյութիւնը: Անիկա խաչմերուկ եւ հանդիպման վայր է մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու համար: Անիկա, կարծես, նուէր ըլլայ մեր 2800-ամեայ մայրաքաղաքին, իր բնակիչներուն եւ զբօսաշրջիկներուն համար»,- ըստ Armenpress.am-ի՝ ըսած […]