Պարգեւ Սրբազանը Շուշիի Հրթիռակոծուած Ղազանչեցոց Եկեղեցւոն Մէջ Աղօթած է Հայաստանի եւ Արցախի խաղաղութեան, Զօրացման, Յաղթանակին Համար (լուսանկարներ)

Արցախի թեմի Առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան այցելած է օրեր առաջ հրթիռակոծուած Շուշիի Ղազանչեցոց Սբ․ Ամենափրկիչ եկեղեցի եւ այնտեղ աղօթք բարձրացուցած  Հայաստան-արցախ աշխարհի խաղաղութեան, զօրացման, յաղթանակի եւ միասնականութեան համար:  Այս մասին […]

Արցախի Նախագահը Ստորագրեց Զինուած Պաշտպանութեան Աշխարհազօրի Մասնակցութեան Օրինագիծը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ստորագրեց «Պաշտպանութեան մասին» Արցախի օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին Խորհրդարանի կողմէ Հոկտեմբեր 13-ին միաձայն ընդունուած օրէնքի նախագիծը: Անիկա Ազգային ժողովին ներկայացուած էր Արցախի նախագահի նախաձեռնութեամբ […]

Ազրպէյճան Կրկին Լայնածաւալ Պատերազմական Գործողութիւններ Սկսած է Առաջնագիծի Երկայնքով. Թշնամին Կ՛օգտագործէ Վարձկան-ահաբեկիչներ

Ազրպէյճան կը շարունակէ կոպտօրէն խախտել մարդասիրական կրակամարը եւ Հոկտեմբեր 13-ի վաղ առաւօտէն կրկին լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ սկսած է առաջնագիծի ամբողջ երկայնքով: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի քարտուղար […]

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Աշխոյժ Մասնակցութիւն Կը Ցուցաբերէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Իրավիճակի Կայունացման Համար

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը աշխոյժ մասնակցութիւն կը ցուցաբերէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ իրավիճակի կայունացման համար, ըստ «Արմենփրես»-ի՝ ՌԴ ՊՆ-էն տեղեկացուցած են Հոկտեմբեր 13-ին: «Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր իրաւասութիւններու սահմաններուն մէջ […]

Ազրպէյճանը Դարձեալ Թիրախաւորած է Բնակավայրեր. Գիշերը Մարտակերտի Մէջ Բնակարան Մը Այրած է

Ազրպէյճանը Հոկտեմբեր 12 լոյս 13-ին շարունակած է թիրախաւորել Արցախի խաղաղ բնակավայրերը՝ Ասկերան, Մարտունի եւ Մարտակերտ։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան: […]

Թուրքիոյ Տարածքին Հայաստանի Պաշտօնական Կայքերը Արգելափակուած Են

Թուրքիոյ տարածքին արգելափակուած են ՀՀ շարք մը պետական կառոյցներու պաշտօնական կայքերը: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով artigercek.com-ը։ Ըստ թրքական մամուլին մէջ յայտնուած հրապարակումներուն՝ արգելափակուածլ են մասնաւորապէս ՀՀ նախագահի, կառավարութեան […]

Թուրքիոյ Վարքագիծը Կը Ստիպէ, որ Հայերը Իրենց Վատ Զգան. Էսդուգեան

Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս»-ի հայերէն բաժինի խմբագիր, հայ համայնքի շրջանակներուն մէջ ծանօթ հասարակական գործիչ Բագրատ Էսդուգեան «Euronews»-ի թրքական ծառայութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է արցախեան հիմնախնդիրին եւ վերջին զարգացումներուն։ […]

Դատապարտելով Սրբավայրերու Ռմբակոծումը . Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Շինիչ Երկխօսութեան

Արամ Ա. կաթողիկոսին թելադրութեամբ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը յայտարարութիւն մը կատարեց` կոչ ուղղելով զինադադարը յարգելու, ինչպէս նաեւ դատապարտելով Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ռմբակոծումը: Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը երէկ իր խոր մտահոգութիւնը […]

Դատապարտելով Հակահայ Յարձակումները` Լիբանանի Երեսփոխան Թալալ Արսլան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Հայ Ժողովուրդին

Դատապարտելով Հայաստանի սահմանագիծին ուղղութեամբ հայ ժողովուրդին դէմ կատարուող յարձակումները` Լիբանանի երեսփոխան  Թալալ Արսլան հետեւեալ գրառումը կատարած է Twitter-ի իր էջին վրայ. «Շրջանին մէջ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը մեծ պետութեանց եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան […]