Ազրպէյճանը Դարձեալ Թիրախաւորած է Բնակավայրեր. Գիշերը Մարտակերտի Մէջ Բնակարան Մը Այրած է

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանը Հոկտեմբեր 12 լոյս 13-ին շարունակած է թիրախաւորել Արցախի խաղաղ բնակավայրերը՝ Ասկերան, Մարտունի եւ Մարտակերտ։ Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան:

«Գիշերը անհանգիստ եղած է Ասկերան, Մարտունի եւ Մարտակերտ քաղաքներուն մէջ։ Ազրպէյճանը շարունակած է ռմբակոծել Արցախի բնակավայրերը` խախտելով մարդասիրական նպատակով Հոկտեմբեր 10-ին յայտարարուած հրադադարի պահպանումը։ Գիշերը թիրախաւորուած են քաղաքացիական վայրեր։ Մարտակերտի մէջ այրած է բնակարան մը»,- նշած է Պօղոսեան եւ յայտնած, որ զոհեր ու վիրաւորներ չկան։