Արցախի Նախագահը Ստորագրեց Զինուած Պաշտպանութեան Աշխարհազօրի Մասնակցութեան Օրինագիծը

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ստորագրեց «Պաշտպանութեան մասին» Արցախի օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին Խորհրդարանի կողմէ Հոկտեմբեր 13-ին միաձայն ընդունուած օրէնքի նախագիծը: Անիկա Ազգային ժողովին ներկայացուած էր Արցախի նախագահի նախաձեռնութեամբ եւ կը կանոնակարգէ հանրապետութեան զինուած պաշտպանութեան կամաւորութեան սկզբունքով աշխարհազօրի մասնակցութիւնը:

«Օրէնքի ընդունման անհրաժեշտութիւնը կը բխի ստեղծուած պատերազմական իրավիճակէն եւ նպատակ ունի Պաշտպանութեան բանակի հետ մէկտեղ ալ աւելի ամրապնդելու մեր սահմաններու պաշտպանութիւնը: Թշնամիին կողմէ մեր դէմ սանձազերծուած պատերազմին կը մասնակցին ինչպէս Թուրքիան, այնպէս ալ հազարաւոր վարձկան-ահաբեկիչներ: Հայրենական սուրբ պատերազմի այս վճռորոշ պահուն եւս մէկ անգամ կը դիմեմ մեր ժողովուրդին համախմբուելու եւ ներդնելու բոլոր ջանքերը վերջնական յաղթանակի հասնելու համար: Թշնամիին ողնաշարը ջարդելու եւ մեր սահմաններէն ետ մղելու համար իւրաքանչիւրիդ անհատական մասնակցութիւնը կարեւոր է: Մենք պիտի յաղթենք եւ գալիք սերունդներուն համար պիտի ապահովենք սեփական հողին վրայ եւ հայրենիքին մէջ խաղաղ ու անվտանգ ապրելու ապագան: Ի գործ…»,- նշած է Արցախի նախագահը: