Author: Areky
Սոչիի Բանակցութիւններն ու Յայտարարութիւնը Ցոյց Կու տան, որ Ղարաբաղեան Հակամարտութիւնը Լուծուած Չէ․ Դաւիթ Բաբայեան
Սոչիի մէջ ընդունուած յայտարարութիւնը ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման «նոր շունչ» կը բանայ։ Այս մասին, ըստ News.am-ի, ըսած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան՝ մեկնաբանելով Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն […]
Արցախը Հերթական Անգամ Ճշդեց Նշաձողի Աստիճանաչափը․ «Ազդակ»
Խմբագրական Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանին յայտարարութիւնն ու Ստեփանակերտի համաժողովրդային հանրահաւաքը համընթաց քայլեր են, որոնք թէ՛ ներազգային եւ թէ՛ արտաքին ուղերձներ կը պարփակեն: Պէտք է արձանագրել, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք տարբեր առիթներով […]
ՀՀ Իշխանութիւններէն Պարզաբանումներ Ստանալու Անհրաժեշտութիւն Կայ. Սոչիի Յայտարարութիւնը Հարցեր Կ՝առաջացնէ
Սոչիի մէջ Հոկտեմբեր 31-ին կայացած եռակողմ՝ Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ հանդիպման իբրեւ արդիւնք ընդունուած յայտարարութիւնը պարզաբանման կարիք ունի։ Այդ յայտարարութենէն ոչինչ կը հասկցուի՝ մասնաւորապէս Արցախի առնչութեամբ։ «Փաստինֆո»-ի հետ զրոյցի ընթացքին՝ նման տեսակէտ յայտնած […]
Արցախը Ցոյց Կու տայ Վերականգնումի Լուսաւոր Ուղին․ «Ազատ Օր»
Խմբագրական Անցնող շաբաթավերջին, մինչ Երեւանի մէջ նստած վարչախումբը կը ճօճուէր այսպէս կոչուած «Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողով»-ի թատերախաղին եւ Ք.Պ. կուսակցութեան համագումարին միջեւ, Արցախի հայութիւնը, իր քաղաքական եւ կրօնական ղեկավարութեամբ, Ազգային ժողովով […]
Ստեփանակերտի «Մենք Ենք Մեր Սարերը» Արձանը՝ 55 Տարեկան
55 տարի առաջ այս օրը՝ Նոյեմբեր 1-ին, Ստեփանակերտի մէջ տեղադրուեցաւ «Մենք ենք մեր սարերը» արձանը: Այս մասին կը հաղորդէ Armradio.am-ը։ Ստեփանակերտի «Մե՛նք ենք, մեր սարերը» (նաեւ՝ «Տատիկ – պապիկի արձան», […]
Լիբանանի Մէջ Լոյս Տեսաւ Յակոբ Փամպուքեանի Մուսա Լերան Բարբառին Նուիրուած Հատորը
1 Նոյեմբերին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանը լոյս ընծայեց մուսալեռցի բանաստեղծ ՝ Յակոբ Փամպուքեանի (Բամպակեան) մուսա լերան բարբառին նուիրուած հատորը։ Այս մասին կը տեղեկանանք Մուսալեռ-Այնճար-ի Facebook-ի էջէն։ Հատորը հրատարակուած է հեղինակին […]
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Եւրոխորհրդարանի Պատգամաւորները
Նոյեմբեր 1-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածինի մէջ ընդունեց Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր, Արցախի հետ ԵԽ բարեկամութեան խումբի համահիմնադիր Բեդըր Վան Տալենը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ ուղեկցութեամբ […]
Հրապարակուած է Փաշինեանի, Փութինի եւ Ալիեւի Յայտարարութիւնը
Ռուսիան, Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը հաստատած են 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի, Յունուար 11-ի եւ 2021 թուականի Նոյեմբեր 26-ի համաձայնութիւնները կատարելու իրենց յանձնառութիւնը։ Այս մասին, ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի, կը նշուի Սոչիի մէջ կայացած […]










