Մենք Ալ Քո՛ Զաւակն Ենք, Հայաստա՛ն… «Հայրենիք»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Երբեմն հանդիսութեան մը, հաւաքի մը կամ պարզ դէպքի մը ընթացքին, լուսանկար մը գեր-տպաւորիչ եւ սուր ազդեցութիւն կը ձգէ, նոյնինքն երկար ու վայրկեաններ խլող ճառի մը միտք բանին խտացնելով եւ աւելին՝ ահազանգ հնչեցնելով։

Մեր սիւնակին ընկերացող նկարը իւրայատուկ է իր պարզութեամբ եւ խոր ու տպաւորիչ ազդեցութեամբ։

Հայորդիին համար, չափազանցութիւն պիտի չըլլայ զայն բաղդատելը աւելի քան 30 տարի առաջ, Փեքինի Թիանանմէն հրապարակի այն ցոյցին հետ, երբ անծանօթ երիտասարդ մը անվախօրէն կանգնեցաւ հրասայլին դիմաց եւ կասեցուց անոր յառաջխաղացքը, կամ՝ միջազգային մամուլի էջերը գրաւող՝ կանաչ աչքերով աֆղան անմեղ պարմանուհիին, որ իր նայուածքով կը ցոլացնէր իր երկրին դժնդակ վիճակը։

Հազար շնորհակալութիւն ոսպնեակի ետին կանգնող այս «ֆոթոժուրնալիսթ»-ին, որ կոճակը սեղմելով՝ իր ոսպնեակին միջոցով կ՛անմահացնէ դէպք մը, եղելութիւն մը, այս պարագային՝ պատմութիւն մը՝ Հայոց Պատմութիւնը…

Յստակ է. հանրածանօթ Հանրի Քարթիէ Պրըսոնի, Սթիւ ՄըքՔարիի կամ հազիւ տարի մը առաջ, խոր ծերութեան մահացած Սապին Վայսի բռնած եւ կերտած ճամբան կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի։

Համեմատած վերոյիշեալ արկածախնդիր հերոսներուն, ակնթարթային շարժումի մը կամ դժուար պայմաններու տակ առնուած «քլիք» մը չէ այս լուսանկարը. այդ օր, Նոյեմբեր 5-ի Երեւանի «Աջակցութիւն Արցախի» հանրահաւաքին զայն կրնար որեւէ մասնակցող, իր բջիջայինի միջոցաւ որսալ, սակայն հաւանաբար պիտի պահէր իր նկարներուն շարքին ու պիտի չհանրայնացնէր։

Իւրայատկութիւնն է ազդեցութիւն դրոշմողը։

Դիտողը վստահաբար կը տեսնէ, թէ լուսանկարը երկու ծալք ունի. մանչուկին ձեռքին եղող խաւաքարտին վրայ կայ լուսանկար մը, որ քաղուած է Երեւանի հաւաքէն մօտաւորապէս շաբաթ մը առաջ, Ստեփանակերտի վիթխարի ցոյցէն։ Եւ ահա, մանչուկ մը ցոյց կու տայ ստեփանակերտցի աղջնակի մը նկարը, որ բռնած է իր հասակին չափ պաստառ մը, ուր առանց տատամսումի եւ երկար-բարակ նախադասութիւններու, պարզ ու մեկին գրուած է․ «Ես քո՛ զաւակն եմ, Հայաստա՛ն»։

Երեւանի մէջ հրաւիրուած հանրահաւաքին մասնակցող մանչուկին բռնած նկարին պաստառն ալ գրեթէ իր հասակին չափ է, սակայն որքա՜ն տպաւորիչ է պատկերը՝ այս Երեւան-Ստեփանակերտ կամրջումը, իսկ անոնց նայուածքնե՞րը․․․։

Պատկերին մէջ խտացած է նոր սերունդին կարճ պատգամը՝ «մեսէյճ»-ը (այս օտարաբանութիւնը կ՚արձանագրենք՝ գոհացնելու համար կրթական մարզին կամ մայրենի լեզուին հանդէպ անփափկանկատ պատասխանատուներ) յստակ է եւ էութի՛ւնն է Նոյեմբեր 5-ին, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ ընթացող հանրահաւաքին ճամբով, բազմերես մանրամասնութիւններով Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի հայութեան ու միջազգային հանրութեան ներկայացուած յայտարարութեանց։

Կրկնենք. խնդրոյ առարկայ անձերը երկրորդական են։ Հայորդիին համար, կարեւոր չէ, թէ այս անմեղութիւն, սակայն միեւնոյն ժամանակ վճռակամութիւն սփռող պարման-պարմանուհիները ո՞վ են։ Անուն, մականուն եւ այլն երկրորդական են։ Նոյնն է պարագան ոսպնեակի ետին կանգնող լուսանկարիչին(ներուն)։

Յաւելում մըն ալ աւելորդ չէ Տաւուշի թեմի Առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստանեանի խօսքերէն, թէ՝ պիտի հնչեն յաղթանակի զանգերը, որպէսզի հայորդին երբեք չլքէ իր տունը։
Աւելի՛ն. պէտք է շեշտել պատկերին մէջ երկու «խորքով» տեղադրուած… շեշտերը։

Կարճ ու յստակ. «Ես քո՛ զաւակն եմ, Հայաստա՛ն»։ Այս ճշմարտութիւնը հնչած է Արցախեան Շարժումին առաջին օրերէն ի վեր:

Իսկ ողջ հայութիւնը մի՛շտ ալ արձագանգած է. «Մենք ալ քո՛ զաւակն ենք, Հայաստա՛ն»․․․ եւ վերջ։