«Միասնութեան» Հաւաք Լոս Անճելըսի Մէջ՝ Յաջակցութիւն Արցախի

Հայաստան, Սփիւռք

Նոյեմբեր 9-ին, տեղական ժամանակով 19:00-ին, ՀՅԴ-ի, ԱՄՆ-ի Հայ Դատի գրասենեակի եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ «Միասնութեան» հաւաք տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի մէջ:

Ամերիկահայերը հաւաքը կը կազմակերպեն ի զօրակցութիւն Հոկտեմբեր 30-ին Ստեփանակերտի «Վերածննդի» եւ Նոյեմբեր 5-ին Երեւանի «Ֆրանսայի» հրապարակներուն վրայ կազմակերպուած հանրահաւաքներուն եւ հնչեցուած պահանջներուն:

Նախքան հաւաքին մեկնարկը տեղի պիտի ունենայ մոմավառութիւն՝ նուիրուած 44-օրեայ պատերազմի զոհերու յիշատակին: