«Միջանցք»-ի Յանկերգն ու Իրանին Ուղղուած Սուր Սլաքը․ «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան երկրորդ տարելիցին նախօրեակին պատահական չէ, որ Ազրպէյճանի նախագահը կը մեկնի բռնագրաւուած Շուշի եւ այնտեղէն յոխորտանքներ կը հնչեցնէ: Եթէ շրջանցենք ներքին լսարանին ուղղուած բաժինը, կը կեդրոնանանք հայկական կողմին եւ միջազգային հանրութեան վերաբերող ուղերձներուն վրայ:

Ազրպէյճանի նախագահին համաձայն, Հայաստանի մէջ վրէժխնդրական ուժեր չեն հաշտուած պատերազմի արդիւնքներուն հետ: Չարտասանուած մասը այն է, որ այդ ուժերն են, որոնք խանգարիչ դեր կ՛ունենան բանակցութիւններու արդիւնաւորման առումով եւ այդ պատճառով է, որ հայկական կողմը չի կատարեր իր պարտաւորութիւնները, որոնց շուրջ համաձայնած է:

Ըստ Ալիեւի, չիրականացած կէտերը հիմնականին մէջ «Զանգեզուրի միջանցք» չտրամադրելն է նախ եւ ապա հայկական ուժերը Արցախէն դուրս չբերելը:

Հետաքրքրականը այն է, որ այս երկու հիմնական պահանջները Ազրպէյճանի ղեկավարը կը տեղադրէ նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան բովանդակութեան մէջ:

Աւելի քան պարզ է ու յստակ, որ Արցախէն հայկական ուժերու հեռացման պահանջի մասին որեւէ կէտ չկայ: Հակառակ համաձայնութիւն չըլլալուն, Հայաստանի Հանրապետութեան զօրքերը դուրս բերուած են արդէն Արցախէն: Այստեղ պահանջը Արցախի պաշտպանութեան բանակի կազմալուծումին կը վերաբերի ուղղակիօրէն:

Հիմա յանկերգուող զանգեզուրեան միջանցքին մասին: «Միջանցք» բառակապակցութիւնը նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան մէջ օգտագործուած է միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը Լաչինի ճամբով Արցախին կապող ճանապարհը բնութագրելու համար: Պահանջը միջանցք միջանցքի դիմաց տրամաբանութեամբ Ալիեւ կը բնութագրէ միեւնոյն կարգավիճակով` Նախիջեւանը Ազրպէյճանին կամրջելու առումով:

Երկու պահանջներն ալ ուրեմն նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան մէջ տեղ չեն գտած, հետեւաբար որեւէ պարտաւորութիւն չունի հայկական կողմը զանոնք իրականացնելու:

Ալիեւն ու միջազգային ընտանիքը սակայն լաւ գիտեն, թէ նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան ո՛ր կէտերը չեն յարգուած Ազրպէյճանի կողմէ:

Այսպէս:

Ներքին տեղահանուած անձերը եւ գաղթականները չեն վերադարձած Լեռնային Ղարաբաղի տարածք եւ յարակից շրջաններ` ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի վերահսկողութեան ներքեւ:

Չէ իրականացուած ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու, ինչպէս նաեւ զոհուածներու մարմիններու փոխանակումը:

Տակաւին. չեն ապաշրջափակուած տարածաշրջանին մէջ բոլոր տնտեսական եւ փոխադրական կապերը: Այստեղ պէտք է արձանագրել, որ պաշտօնական Երեւանի պատրաստակամութիւնը ճանապարհներու տրամադրման ո՛չ միայն չէ ընդառաջուած Ազրպէյճանի կողմէ, այլ նաեւ մերժուած է: Պաքուի պահանջը միջանցք է, որ ի սպառ կը բացակայի համաձայնութեան կէտերէն:

Շուշիի մէջ հնչած յոխորտանքներուն կարեւորագոյն բաժինը ուղղուած էր Իրանին: Հաստատելէ ետք, որ Ազրպէյճանը իսլամական երկիրներու հետ սերտ յարաբերութիւններ ունի, Ալիեւ հաստատած է, որ Հայաստանը յարձակողապաշտ քաղաքականութիւն կը վարէ ո՛չ միայն Ազրպէյճանի, այլ նաեւ իսլամական աշխարհի դէմ: «Մզկիթներ ոչնչացնողները չեն կրնար բարեկամանալ իսլամական երկիրներու հետ»: Հայաստանի հետ համագործակցող իսլամական երկիրները Ալիեւի կողմէ մեղադրուած են իբրեւ երկերեսանի եւ դաւաճան:

Անկախ անկէ, որ Պաքուն կը դիմէ այսպիսով կրօնական  հանգամանքի դասական շահարկումին, այստեղ քննադատութիւնը կ՛երթայ Իրան-Հայաստան սահմանի կարգավիճակի որեւէ փոփոխութիւն կտրուկ մերժող, Սիւնիքի մէջ հիւպատոսարան բացող եւ Պարսից ծոց-Սեւ ծով հայաստանեան տարանցիկ անցքին երաշխաւորութիւն տուող Թեհրանին:

Իսկ Ալիեւը յոխորտալով հանդերձ լաւ գիտէ, որ Թեհրանը այս բոլորով յստակ դարձուցած է, որ թուրանական կամուրջ չի հանդուրժեր իր սահմանամերձ տարածքներուն վրայ: Եւ այս հանգամանքը աւելի կարեւոր է նոյեմբեր 9-ի ձեւակերպումներէն: