Աշխատանք կը Տարուի Գանատայի Խորհրդարանին Մէջ Արցախ-Հայաստան Խորհրդարանական Բարեկամութեան Խմբակ Հիմնելու

Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հարցազրոյցը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Ռաֆֆի Տօնապետեանի հետ Վ.Գ.- 2018 թուականը յատկանշուեցաւ Հայ Դատի եւ մանաւանդ Գանատայի ՀՅԴ կառոյցի աշխոյժ գործունէութեամբ […]

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեցին Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահի եւ Իսլամական Խմբակցութեան Ներկայացուցիչները

Չորեքշաբթի, 9 Յունուար 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Խորհրդարանի նախագահ՝ Նապիհ Պըրրին ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին «Ամալ» կուսակցութեան Գործադիր Վարչութեան երեք անդամները։   […]

Ի՞նչ էին Հայկական բանակին 2018–ի առանցքային ձեռքբերումները

Հայկական բանակին, ինչպէս նաեւ ընդհանուր առմամբ երկրին համար 2018 թուականը բաւական հետաքրքրական տարի էր։ Քաղաքական գործընթացները իրենց անդրադարձը ունեցան նաեւ Զինեալ Ուժերուն վրայ, մարտունակութեան յետագայ ամրապնդման առումով։ Այս մասին կը […]

ՀՄԸՄ-ը Գիտէ Հայրենիք Սիրել Ու Հայրենիք Շնչել` Իր Գործունէութեամբ

«Ասպարէզ»-ի բացառիկ՝ խմբագրականի փոխարէն  Միութեան մը յարատեւման գլխաւոր երաշխիքը իր առաքելութիւնն է եւ իրականացող նպատակները, այլապէս անիկա երկար կեանք չ’ունենար: Հպարտ ենք, որ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան` ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրները այս […]

Արցախի Մէջ Ձմեռնային Զօրակոչը Մեկնարկած է Հանդիսաւոր Արարողութեամբ

Արցախի Պաշտպանութեան բանակի կեդրոնական հաւաքակէտին մէջ, Յունուար 9-ին, տեղի ունեցած է հանդիսաւոր արարողութիւն՝ նուիրուած 2019-ի ձմեռնային զօրակոչի մեկնարկին:   Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով, ՊԲ-ի մէջ ծառայութիւնը աւարտող […]

ՀՀ Կառավարութիւնը 3 Միլիառ 975 Միլիոն Դրամ Յատկացուցած է Մարզերու Մէջ Առաջնահերթ Լուծում Պահանջող Ծրագրերու Իրականացման Նպատակին

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան համակարգումով կը շարունակուին ՀՀ մարզերուն մէջ ջրամատակարարման եւ ջրահեռացման, ոռոգման, կրթական, մշակութային, առողջապահական, ճանապարհաշինութեան, բնակարանաշինութեան, գիւղատնտեսական սարքերու ձեռքբերման եւ այլ նպատակներով առաջնահերթ լուծում պահանջող […]

«Շնորհալի» Երգչախումբը Լիբանանցի Երաժշտասէր Հանրութիւնը Հմայեց Ս. Ծննդեան Համերգով

Բարձր հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին Ուրբաթ, 4 Յունուար 2019-ին, կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը Մոնոյի Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ  հանդէս եկաւ Ս. Ծննդեան համերգով` ձօնուած իր հիմնադրութեան 45-ամեակին: Զաւէն աբղյ. Նաճարեանի խմբավարութեամբ […]