ՀՄԸՄ-ը Գիտէ Հայրենիք Սիրել Ու Հայրենիք Շնչել` Իր Գործունէութեամբ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ասպարէզ»-ի բացառիկ՝ խմբագրականի փոխարէն 

Միութեան մը յարատեւման գլխաւոր երաշխիքը իր առաքելութիւնն է եւ իրականացող նպատակները, այլապէս անիկա երկար կեանք չ’ունենար:

Հպարտ ենք, որ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան` ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրները այս հեռատեսութիւնը ունենալով` որդեգրեցին ՀՄԸՄ-ի համար յստակ նպատակներ, որոնց իբրեւ արդիւնք` ան գոյատեւեց ամբողջ մէկ դար:

Տնտեսական ու ընկերային տագնապներու եւ քաղաքացիական պատերազմներու իբրեւ հետեւանք` հայու թափառական ճակատագիրին ենթարկուած եւ հետզհետէ հեռաւոր այս ափերուն վրայ բազմացած երիտասարդութիւնը եռագոյն դրօշին տակ համախմբելու, անոր հայեցի դաստիարակութիւն տալու եւ մարդկային նկարագիր կերտելու անվիճելի իրողութեան անհրաժեշտութիւնը զգալով` ՀՄԸՄ-ը դիմագրաւեց իր ճամբան խոչընդոտող բոլոր դժուարութիւնները: Եւ ահա այսօր, 100 տարիներու փորձառութեամբ եւ հարուստ պատմութեամբ, կը ներկայանայ հանրութեան` անդրդուելի մնալով իր առաքելութեան մէջ:

Երբ մտածենք եւ հարց տանք, թէ ինչո՛ւ այս բոլոր զոհողութիւնները, ինչո՛ւ ՀՄԸՄ եւ ոչ` այլ կազմակերպութիւն, կ՛ընկալենք այս հսկայ կազմակերպութեան առաքելութիւնը, «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանը, «Առողջ միտք` առողջ մարմինի մէջ», «Միշտ պատրաստ», «Մեր լաւագոյնը» կարգախօսները, կը հասկնանք անոր անհրաժեշտութիւնը մեր կեանքին ու իրականութեան մէջ:

ՀՄԸՄ-ը հաստատուն քայլերով ծնունդ առաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրած պետութեան մայրաքաղաք Պոլսոյ մէջ: Մեծ եղեռնէն ետք այս նախաձեռնութիւնը քաջարի քայլ մըն էր, որուն համար մեր հիմնադիրները միա՛յն պատիւի արժանի էին:

ՀՄԸՄ-ը ենթարկուեցաւ հայու ճակատագիրին եւ անցաւ բազմաթիւ հանգրուաններէ, սակայն կանգուն մնաց, ծլեցաւ, ծաղկեցաւ եւ այսօր տիրական ներկայութիւն է արդէն աշխարհի տարածքին:

Երբ հպանցիկ ակնարկ մը նետենք ՀՄԸՄ-ի պատմութեան վրայ, ապա պիտի տեսնենք, որ ան պատմական գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը ծնունդ առաւ մեր հայրենիքի Ա. հանրապետութեան ստեղծման տարին` 1918-ին: Ան գործեց նաեւ մեր անկախ պետութեան մէջ: Սակայն հազիւ չորս տարեկան, քաղաքական ծանօթ պատճառներով, ան պարտադրաբար լուծուեցաւ Պոլսոյ մէջ, իսկ Հայաստանի խորհրդայնացումով անոր գործունէութիւնը վերջ գտաւ նաեւ հայրենիքի մէջ:

Գաղթական հայութեան հետ գաղթական դարձաւ նաեւ ՀՄԸՄ-ը: Սակայն չկորսուեցա՛ւ: Կազմաւորուած իւրաքանչիւր հայկական գաղութի մէջ ան վերածաղկեցաւ եւ իր առաջնահերթ պարտականութիւնը դարձուց ապագայ իր ղեկավարութիւնը պատրաստելը: Համախմբեց հայ պատանին եւ անոր տուաւ` ազգային դիմագիծ, հայրենիքի հանդէպ սէր, պահանջատիրութեան ոգի, պատուախնդիր հայու նկարագիր, մանաւա՛նդ պատկանելիութիւն եւ մասնաւորաբար` արժանապատուութեան գիտակցութիւն:

Մէկ խօսքով, ՀՄԸՄ-ը հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան` իր արդար բաժինը բերաւ սփիւռքահայութեան ազգային գոյատեւման ջանքերուն` Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի թէ Ամերիկայի տարածքին: Սակայն, այս բոլորին առընթեր, հայրենիքի ծարաւը կը տանջէր սփիւռքահայութիւնը: ՀՄԸՄ-ին ալ երազանքն էր ազատ ու անկախ հայրենիքի մէջ գործել, Արարատի լանջերուն բանակիլ եւ «Հրազդան» մարզաւանին վրայ մրցակցիլ:

1990-ին ա՛յդ երազն ալ իրականացաւ, երբ Կեդրոնական վարչութեան վստահութեամբ, ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը հայրենիքի մէջ ՀՄԸՄ-ը վերակազմակերպելու պատասխանատու պարտականութիւնը ստանձնեց: Մեր խմբապետ-խմբապետուհիները, ի գին մեծ զոհողութիւններու, հայրենի ՀՄԸՄ-ի վերստեղծման մէջ իրենց օգտակար ներդրումը ունեցան եւ մինչեւ օրս նոյն ոգիով կը շարունակեն գործել:

Եւ դեռ աւելի՛ն. ՀՄԸՄ-ը Հայաստանի մէջ պետական ճանաչում ստացաւ եւ դարձաւ Հայաստանի ազգային սկաուտական կազմակերպութիւն` ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ, որ արդարացուց ինքզինք: Քարքարոտ մեր երկրին մէջ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ին ցորենի հատիկները ուռճացան եւ հասկի վերածուեցան: 1997-էն ի վեր միջազգային ճանաչման արժանացած է ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ը:

Սփիւռքահայութեան գուրգուրանքով պահպանուած եռագոյնը, այսօր ամէնուրեք կը ծածանի: Մեր սկաուտները չորս տարին անգամ մը կը բանակին իրենց իսկ սեփական բանակավայրին մէջ` Արագածի փէշերուն, Բիւրական: Մեր մարզական խումբերը հայրենիքի մէջ կը մասնակցին Համահայկական մարզախաղերուն` միշտ պատուաբեր արդիւնքներ արձանագրելով: Միասնական աշխատանքը կը շարունակուի եւ անվերջ պիտի շարունակուի:

ՀՄԸՄ-ականը, հայու անքակտելի կամքով, ո՛ւր ալ ապրի, իր տիպար քաղաքացիութեամբ կը հմայէ իր շրջապատը, բայց ան միշտ կապուած կը մնայ իր ազգին, որովհետեւ գիտէ ազգակիցը սիրել, հայրենիքը սիրել եւ հայրենիքը շնչել` իր գործունէութեա՛մբ: Թող անսպառ մնայ այդ շունչը, որպէսզի անվերջ ապրին մեր ազգն ու հայրենիքը: