Արցախի Մէջ Ձմեռնային Զօրակոչը Մեկնարկած է Հանդիսաւոր Արարողութեամբ

Հայաստան
Արցախի Պաշտպանութեան բանակի կեդրոնական հաւաքակէտին մէջ, Յունուար 9-ին, տեղի ունեցած է հանդիսաւոր արարողութիւն՝ նուիրուած 2019-ի ձմեռնային զօրակոչի մեկնարկին:

 

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով, ՊԲ-ի մէջ ծառայութիւնը աւարտող աւագ եղբայրները փոխարինելու եկած առաջին նորակոչիկները շնորհաւորելու եւ իրենց խորհուրդներն ու մաղթանքները փոխանցելու գացած են ԱՀ ՊՆ, ՊԲ հրամանատար, զօրավար-գնդապետ Կարէն Աբրահամեանը, բարձրաստիճան հրամանատարական կազմի եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ:

Շնորհաւորելով օրուան հերոսները հայրենիքի պաշտպանի` սահմանադրութեամբ իրենց վերապահուած առաքելութիւնը ստանձնելու առիթով՝ պաշտպանութեան նախարարը վստահեցուցած է, որ բանակի հրամանատարութիւնը հնարաւոր ամէն ինչ պիտի ընէ, նորակոչիկներու արագ յարմարուելուն եւ լիարժէք զինուորականներ դառնալուն համար, հանգամանք, որ տարածաշրջանային ու աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներուն յաջողութեամբ դիմագրաւելու կարեւոր նախապայմաններէն է:

Ձեռնարկի աւարտին, բանակի հրամանատարն ու բոլոր ներկաները շփուած են նորակոչիկներուն հետ, հետաքրքրուած ծառայութեան առաջին տպաւորութիւններով եւ առկայ խնդիրներով: Կարէն Աբրահամեան բոլոր զինակոչիկներուն անձամբ յանձնած է զինուորական աղօթագիրքեր, որմէ ետք ներկայ գտնուած է նաեւ ծառայութեան յետագայ վայրերու ընտրութեան նպատակով կազմակերպուած վիճակահանութեան: