Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Հրաժարական Տուած է

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամմետ Ջաւատ Զարիֆ հրաժարական տուած է: Այս մասին ան գրած է «Instagram»-ի իր էջին մէջ: «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Իրանի մեծահոգի եւ համարձակ ժողովուրդին ու իշխանութիւններուն վերջին […]

Արցախի եւ Հայաստանի ԱԳ Նախարարները Հանդիպած են

Փետրուար 25-ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցած է Արցախի ԱԳ նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութենէն: Գործընկերները բարձր գնահատած են պարբերաբար տեղի […]

Նոր Սերունդի Հայապահպանութեան Միտող Համազգայինի Տարաբնոյթ Ծրագիրներ

ԱՐԻՆ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ Համազգայինը մեծապէս կը հաւատայ նոր սերունդին լաւագոյնը տալու եւ տարբեր ձեւերով զայն իր ազգին ու մշակոյթին կապելու կարեւորութեան: Ատկէ մեկնած, ան դիմած է ու կը շարունակէ դիմել նոր […]

Զարուհի Պապայեան Եւ Սոնա Ռուբէնեան Հայ Երգարուեստի Գոհարներէն Երգելով Հայաբոյր Երեկոյ Մը Պարգեւեցին Լիբանանահայութեան

Հայ մշակոյթի բնագաւառին մէջ առանցքային դեր ունի հայ երգը: Դարեր շարունակ ան ազնուացուցած է, ոգեշնչած ու լիցքաւորած տարբեր սերունդներու պատկանող հայորդիներուն հոգիները: Անշուշտ կասկածէ վեր է, որ հայոց լեզուն անաղարտ […]

Լեզուի Կոմիտէն Կը Ներկայացնէ Շարք Մը Օտար Բառերու Հայերէն Համարժէք Տարբերակները

Լեզուի Կոմիտէն կը ներկայացնէ օտարաբանութիւններու եւ անոնց հայերէն համարժէքներու նոր ցանկ: Այս բառացանկով ոչ թէ նորաստեղծ բառեր կ՛առաջարկէ, այլ կը յիշեցնէ եղած, երբեմն ալ հին, սակայն ոչ միշտ գործածուող հայերէն […]

ՀՅԴն Դէմ Է «Նոր Սահմանադրութիւն» Նախաձեռնութեան

 «Մենք երկար տարիներ պայքարած ենք խորհրդարանական համակարգ ունենալու համար. այսօր, հինին վերադարձը լուրջ յետընթաց կ՛ըլլայ», «Թերթ»-ի հետ (լրագրող Ամալիա Առաքելեան) զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան […]

Հայաստանի Եւ Իրանի Միջեւ Առեւտուրը Անցեալ Տարի Մրցանշային Ծաւալ Արձանագրած Է

2018-ին, Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ ընդհանուր առեւտրական շրջանառութիւնը կազմած է 364 միլիոն տոլար, որ աննախադէպ ցուցանիշ է 1991-էն ի վեր: «Իրնա» գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ մեկնաբանելով Հայաստանի հետ առեւտրական ցուցանիշները՝ […]

Անասթասիա Գալուստեան Պրոնզէ Մետալ Նուաճած է Իսրայէլի Մէջ

Գեղասահքի Հայաստանի հաւաքականի անդամ Անասթասիա Գալուստեան պրոնզէ մետալ նուաճած է միջազգային մրցաշարին: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։ Իսրայէլի Էլիաթ քաղաքին մէջ իրականացած միջազգային մրցաշարին՝ Գալուստեանը ընդհանուր հաշուարկով հաւաքելով 150.45 նիշ` […]

Արցախի Մէջ Արտադրուող Բաճկոնները Եւրոպական Շուկայ Կ՝արտածուին (տեսանիւթ)

Արցախի մէջ, հինգ տարի առաջ հիմնուած «Great Partners» ընկերութեան արտադրած բաճկոնները արդէն կ՚արտածուին եւրոպական շուկայ: Ընկերութիւնը կը գործակցի եւրոպական հանրաճանաչ շարք մը ընկերութիւններու հետ։ Այս մասին կը հաղորդէ Հինգերորդ Ալիք […]

Մարտունիի եւ Եղեգնաձորի Մէջ Պիտի Կառուցուին Նոր եւ Ժամանակակից Բժշկական Կեդրոններ. Արսէն Թորոսեան

Մարտունիի եւ Եղեգնաձորի մէջ պիտի կառուցուին նոր եւ ժամանակակից բժշկական կեդրոններ, ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը: «Նախագիծերը շուտով պիտի հրապարակեմ»,-գրած է ան: ՀՀ Առողջապահութեան […]