Զարուհի Պապայեան Եւ Սոնա Ռուբէնեան Հայ Երգարուեստի Գոհարներէն Երգելով Հայաբոյր Երեկոյ Մը Պարգեւեցին Լիբանանահայութեան

Սփիւռք

Հայ մշակոյթի բնագաւառին մէջ առանցքային դեր ունի հայ երգը: Դարեր շարունակ ան ազնուացուցած է, ոգեշնչած ու լիցքաւորած տարբեր սերունդներու պատկանող հայորդիներուն հոգիները: Անշուշտ կասկածէ վեր է, որ հայոց լեզուն անաղարտ պահելու եւ հայապահպանման նուիրական առաքելութեան մէջ հայ երաժշտութեան վերապահուած է յատուկ կարեւորութիւն: Մենք շատ բան կը պարտինք այն երախտարժան երաժշտահաններուն, յօրինողներուն, աշուղներուն, երգչախումբերուն եւ հայ երգը հարազատ մեկնաբանողներուն, որոնք հայ մշակոյթի ջահը վառ պահեցին եւ զայն փոխանցեցին մինչեւ օրս: Այս աշխատանքը րդիւնք է այն խոր համոզումին, որուն հաւատացած են արուեստի գանձարանին մէջ իրենց անմնացորդ լուման ներդրած հաւատաւոր հոյլ մը արուեստասէրները:

Համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակի ձեռնարկները իրենց տարողութեամբ ուղղակի պատգամներ են հայ ժողովուրդին `տէր կանգնելու հայ մշակոյթին եւ իբրեւ աւանդ փոխանցելու զայն յաջորդող սերունդներուն: Այս առումով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, հաւատարիմ միութեան հիմնադիրներուն ուղեգիծին, շարք մը ձեռնարկներով մշակութային բուրաստան մը պարգեւեց լիբանանահայութեան` գեղեցկացնելով եւ ազնուացնելով ունկնդիր արուեստասէրներու հոգիները :Ա ջ, ուր հանդէս եկան Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Զարուհի Պապայեան եւ երգի բազմաթիւ մրցանակներու դափնեկիր Սոնա Ռուբէնեան, կը գրէ “Ազդակ” -ը.

Սրահը լեցուցած երաժշտասէրներու ներկայութիւնը արդէն կ՛արտացոլացնէր այս համերգին յաջողութիւնը:

Սոնա Ռուբէնեան առինքնող եւ մեղեդիական ձայնով հրապուրեց ներկաները: Ան մեկնաբանեց «Երեւան-Էրեբունի», «Արցախ», «Բալլադ զինուորի մասին», «Մայրիկ», «Պատրանքի թեւով», «Ժամանակն է», «Սարի աղջիկ», «Հայկական Էսքիզներ» , «Լուսին» երգերը եւ հայրենասիրական-ազգագրական երգերու շարան մը, որոնք խանդավառեցին ունկնդիրները, եւ անոնք իրենց ծափահարութիւններով գնահատեցին Սոնա Ռուբէնեանի ձայնային կարողութիւնն ու արուեստը:

Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Զարուհի Պապայեան արդէն հանրածանօթ անուն է լիբանանահայութեան: Ան հոգեհարազատութեամբ եւ բարձրորակ արուեստով մեկնաբանեց «Սոխակ», «Սիրելիս», «Հայի աչքեր», «Իմ Երեւան», «Միայն հաւատա», «Լուսնեակն ելաւ», «Կիլիկիա», «Շալախօ» երգերը եւ ժողովրդային երգերու շարան մը: Ի՜նչ հրապուրիչ էր, երբ ժողովուրդը կը ձայնակցէր արուեստագէտին `այս ձեւով ոգեշնչելով երգչուհին եւ արտայայտելով խոր սէր ու յարգանք իր անձին ու արուեստին նկատմամբ: Հանդիսատեսները եւ յատկապէս երիտասարդութիւնը իրենց խանդավառութիւնը արտայայտեցին նաեւ շո րջպար բռնելով սրահին մէջ:

Եզակի այս համերգը փակուեցաւ Զարուհի Պապայեանի եւ Սոնա Ռուբէնեանի զուգերգով `«Երազ իմ երկիր հայրենի»եւ«Երեւանեան փոփուրի», որուն աւարտին ներկաները յոտնկայս եւ որոտընդոստ ծափահարութիւններով արտայայտեցին իրենց արժանի սէրն ու գնահատանքը հայրենի տաղանդաւոր զոյգ արուեստագէտներուն:

Ներկաները հոգեկան մեծ բաւարարութեամբ ու գոհունակութեամբ մեկնեցան սրահէն `Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած այս յիշատակելի երգահանդէսէն: Այս ելոյթին արձագանը դեռ երկա՜ր պիտի մնայ լիբանանահայութեան յիշողութեան եւ հոգիներուն մէջ: