Այն, Ինչ Տեղի Ունեցած է Տատիկիս Հետ, Հնագէտներուն հարցը Չի Կրնար Ըլլալ․ Փայլան

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան արձագանգած է Էրտողանի քննադատութեան, որ կը վերաբերէր ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունման, կը հաղորդէ ermenihaber-ը։ Փայլան Twitter-ի իր էջին մէջ […]

Թիւ 296 Բանաձեւին Որդեգրման Առիթով․- Մեծ Իրագործումը Պէտք է Պսակուի Կատարեալ Յաղթանակով

Ա.Ա. Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին՝ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան որդեգրած թիւ 296 բանաձեւը, որ քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ վաւերացուեցաւ, անկասկած կարեւոր յաղթանակ մըն է՝ Ամերիկայի Հայ Դատի մարմիններուն եւ յանձնախումբերուն, ինչպէս […]

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նախագահութեամբ Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը Կ՛ողջունէ Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Որդեգրումը Ներկայացուցիչներու Տան Կողմէ

Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ գումարուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը` իր Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներով, ջերմօրէն կ՛ողջունէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան […]

Միացեալ Նահանգներու Բանաձեւը Ունի Կիրառական Բաժին

“Ազդակ”-ի խմբագրական Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունումը նախ եւ առաջ Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի համակարգի եւ յատկապէս Ուաշինկթընի գրասենեակի երկարատեւ ու հետեւողական աշխատանքներու արդիւնքն է: Բնականաբար […]

Կոմիտասի Թանգարանին Մէջ՝ «Ուսուցիչը» Ցուցադրութեան Բացում

Կոմիտասի 150-ամեակին առիթով, Հոկտեմբեր 29-ին, Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Ուսուցիչը» ժամանակաւոր ցուցադրութեան: Այս մասին կը հաղորդէ “Արմենփրես”։ Ցուցահանդէսը նուիրուած է Կոմիտաս ուսուցիչին եւ անոր  սաներուն. կան բաժանումներ՝ «Գէորգեան ճեմարան-առաջին […]

Մեր Պայքարը Կանգ Պիտի Չառնէ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Անկախ այն բանէն, թէ այս գործընթացը ի վերջոյ ո՞ւր կը հասնի եւ որքա՞ն ժամանակ կը պահանջէ, գոյութիւն ունի քաղաքական կեանքի հետեւեալ անսխալ հրամայականը ԲՈԼՈՐԻՍ ՀԱՄԱՐ: Թուրքիա եւ Ազրպէյճան […]

Հայ Դատը Ողջունեց Թիւ 296 Բանաձեւին Ընդունումը

 Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւին ընդունումը՝ շեշտելով, որ Անգարայի ուրացման արշաւին լուրջ հարուած մը հասցնող այս քայլը պիտի պարտադրէ, որ ամերիկան կառավարութիւնը Ցեղասպանութեան հարցով […]

Իսրայէլի Մէջ Կոչ Կ՛ընեն Հետեւելու ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու Տան Օրինակին եւ Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Իսրայէլի նշանաւոր քաղաքական գործիչներէն երկուքը կոչ ըրած են երկրի իշխանութիւններուն ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը` հետեւելով Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատի օրինակին: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «The Times of Israel»-ը։ Ըստ […]