Թուրքիոյ ՊՆ-ն ԱՄՆ-ն եւ Ֆրանսան Քննադատող Յայտարարութեամբ Հանդէս Եկած է

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը որոշում ընդունած է առանց հաշուի առնելու պատմական փաստերը եւ Ֆրանսային կոչ կ՝ընէ ողջախոհութեան գալու:

«Թուրքիան միայնակ մնաց ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ: Թուրքիան բոլոր հարեւաններու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգալից է: Սակայն երբեք թոյլ չի տար իր սահմաններուն մէջ ահաբեկչական միջանցքի ստեղծման: ԱՄՆ-ն, որ հետաքրքրուած է՝ արդեօք 100 տարի առաջ տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութիւն, թող ուսումնասիրէ ո՛չ թէ այսպէս կոչուած աղբիւրներու տեղեկութիւնները, այլ ամերիկացի զօրավար Ճէյմզ Հարպըրտի գլխաւորած ԱՄՆ ռազմական պատուիրակութեան պատրաստած զեկոյցները՝ Ամերիկեան ազգային արխիւներուն մէջ»,- նշուած է Թուրքիոյ ՊՆ հաղորդագրութեան մէջ:

Ֆրանսայի Ազգային ժողովն ալ, օրեր առաջ ընդունած էր բանաձեւ, որուն միջոցով կը քննադատէր Թուրքիոյ՝ Հոկտեմբեր 9-ին Սուրիոյ մէջ սկսած Խաղաղութեան ակունք ռազմական գործողութիւնը: Բանաձեւին մէջ սուրիացի քրտական խմբաւորումները կ՝որակուէին իբրեւ դաշնակիցներ: