Կարօ Սասունիի Արձանի Բացում Գիւմրիի Մէջ
Գիւմրիի Պռոշեան եւ Գարեգին Նժդեհ փողոցներու խաչմերուկին 17 Յուլիսին բացումը կատարուեցաւ Շիրակի ազդեցիկ նահանգապետերէն մէկուն` Կարօ Սասունիի արձանին:
Սասունի հասարակական-քաղաքական գործիչ էր, իրաւաբան, պատմաբան, 1919-ին ընտրուած էր Առաջին Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ եւ 1920-ին նշանակուած էր Ալեքսանդրապոլի նահանգապետ: Ան հայոց ազգային-ազատագրական պայքարի ռահվիրաներէն էր: 1914-1915-ին մասնակցած է հայ ազգի փրկութեան կամաւորական շարժումին, նաեւ` Դաշտադէմի ամրոցի կռիւին, որուն շնորհիւ ալ կերտուած է Սարդարապատի հերոսական յաղթանակը:
1921-ի Փետրուարեան ապստամբութեան ղեկավարներէն էր: Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի կազմին մէջ եղած է ներքին գործերու նախարար: Պոլշեւիկներու կողմէ Երեւանի վերագրաւումէն ետք անցած է արտասահման, նախ` Փարիզ, ապա` Պէյրութ, ուր զբաղած է ուսուցչութեամբ, ստեղծագործական, հրատարակչական աշխատանքով: Հիմնադրած է «Բագին» գրական ամսագիրը, որուն խմբագրապետը եղած է երկար տարիներ: Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանին վաստակաշատ ուսուցիչներէն եղած է եւ տասնամեակներ շարունակ հայրենանուէր սերունդներ կերտած:
Ուսումնասիրած է հայ ազգային-ազատագրական շարժման, Հայոց ցեղասպանութեան, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պատմութեան հիմնահարցերը, որոնց հիման վրայ գրած է շարք մը արժէքաւոր պատմագիտական ուսումնասիրութիւններ եւ գեղարուեստական երկեր: Կ. Սասունի մահացած է 1977-ին, Պէյրութ:
Գիւմրիի աւագանիի որոշումով տեղադրուած 2 մեթր 40 սանթիմեթր բարձրութեամբ պրոնզաձոյլ արձանին հեղինակն է քանդակագործ Միսաք Մելքոնեան:
Բացման արարողութեան մասնակցեցան Գիւմրիի քաղաքապետի պաշտօնակատար Աւետիս Առաքելեան, պետական եւ հասարակական գործիչներ, ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, Կարօ Սասունիի ժառանգորդներն ու անոր յիշատակը յարգող քաղաքացիներ:
Աւետիս Առաքելեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ յուշարձանը պարզապէս քանդակ մը չէ, այլ ազգային յիշողութեան, արժանապատուութեան եւ սերունդներուն փոխանցուող արժէքներու խորհրդանիշ: Ան նշեց, որ Կարօ Սասունի իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայրենիքի պաշտպանութեան, հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան պահպանման եւ անոր իրաւունքներու համար մղուած պայքարին:
«Կումայրի» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանի տնօրէն Ինկա Աւագեան ներկայացուց Սասունիի կեանքն ու գործունէութիւնը` յատկապէս անդրադառնալով անոր պետական ծառայութեան շրջանին: Ան նշեց, որ նահանգապետի պաշտօնը ստանձնելէ անմիջապէս ետք Սասունի հետեւողական եւ անզիջող պայքար սկսած է կաշառակերութեան դէմ` պատասխանատուութեան ենթարկելով թէ՛ կաշառք տուողները եւ թէ՛ ստացողները: Այդ պայքարին շնորհիւ ան կարճ ժամանակուան ընթացքին կարողացած է զգալիօրէն բարելաւել նահանգի վարչական կեանքը:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեան ընդգծեց, որ արձանի բացումը պետական բարձր հնչեղութիւն ունեցող իրադարձութիւն պէտք է նկատուի` նկատի ունենալով Սասունիի պատմական կշիռը: Ան յիշեցուց, որ Սասունի աւելի քան երկու տասնամեակ մասնակցած է ազգային-ազատագրական պայքարին, պետականաշինութեան ու ռազմական գործողութիւններուն, իսկ հետագային սփիւռքի մէջ իր ամբողջ գործունէութիւնը նուիրած է հայ ժողովուրդի պահպանման եւ ազգային արժէքներու փոխանցման գործին:
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էր նաեւ Սասունիի աշակերտներէն` դաշնակցական մտաւորական եւ ազգային-հասարակական գործիչ Տիգրան Ճինպաշեան, որ ինքզինք նկատեց այն բախտաւոր վերջին սերունդի ներկայացուցիչներէն, որոնց հայ գրականութեան եւ հայ ազատագրական շարժման պատմութեան ուսուցիչը եղած է Սասունին: Ան նաեւ ընդգծեց, որ Սասունի հեղինակութիւն վայելած է քիւրտ շրջանակներու մէջ եւ հայ-քիւրտ յարաբերութիւններուն նուիրուած աշխատութիւն հեղինակած է:
Քանդակագործ Միսաք Մելքոնեանի համաձայն` արձանին մէջ ներառուած են երեք խորհրդանշական տարրեր: Սասունիի ձեռքի ծխամորճը կը խորհրդանշէ մտածումն ու խորախորհուրդ բնաւորութիւնը, վզկապը` ազատութեան գաղափարը, իսկ պարզած ցուցամատը` անոր ղեկավարի եւ պետական գործիչի հանգամանքը:
Արձանի տեղադրման նախաձեռնութիւնը կը պատկանի «Զօրավար Սեպուհ» պատմաքաղաքական վերլուծական կեդրոնի նախագահ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Աշոտ Ներսիսեանին եւ Սասունիի ժառանգորդներուն: Յարակից տարածքի բարեկարգումը իրականացուած է բարերար Իվան Արտալճեանի աջակցութեամբ:
