Լեւոն Արոնեանը՝ Զուիցերիոյ Մէջ Ընթացող Մրցաշարի Ընտրական Փուլի Յաղթող
Զուիցերիոյ Պիլ քաղաքին մէջ իրականացուած «Biel Chess Festival 2026» ճատրակի մրցաշարի ընտրական փուլի յաղթող դարձած է հայ գրոսմայստըր Լեւոն Արոնեանը՝ առաջին տեղով դուրս գալով մրցաշարի եզրափակիչ փուլ:
Եզրափակիչ փուլ անցած են նաեւ Այտին Սուլէյմանլին, Եաղըզ Քաան Էրտողմուշը եւ Լէ Քուանկ Լիեմը։
«Biel Chess Festival 2026» ճատրակի մրցաշարի եզրափակիչը պիտի իրականացուի Յուլիս 21-23։
