Քիւրքճեան Արժանացած Է Ֆրանսայի «Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետ»-ի Շքանշանին
Ֆրանսահայ անուանի օծանելիքագործ (parfumeur), «Տիոր»-ի բուրմունքներու բաժանմունքի ստեղծագործական բաժինի տնօրէն եւ «Մեզոն Ֆրանսիս Քիւրքճեան»-ի հիմնադիր Ֆրանսիս Քիւրքճեան արժանացած է Ֆրանսայի պետական բարձրագոյն պարգեւին` «Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետ»-ի շքանշանին: Այս մասին հաղորդեց «Նոր Յառաջ»-ը:
Քիւրքճեան այս պատիւը ձօնած է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած եւ Ֆրանսայի մէջ ապաստան գտած իր մեծ ծնողներուն` ընդգծելով, որ անոնց քաջութիւնն ու արժէքները խորագոյն իմաստը կու տան այս պարգեւին:
«Այսօր խոհերս խոր յուզումով կ՛երթան դէպի մեծ հայրս ու մեծ մայրս, որոնք վերապրեցան Հայոց ցեղասպանութենէն եւ իբրեւ գաղթական ապաստանեցան Ֆրանսա: Անոնց քաջութիւնը, իրենց նոր հայրենիքին հանդէպ ունեցած հաւատքն ու ինծի փոխանցած արժէքները այս պարգեւին կու տան իր ամէնէն խոր իմաստը», գրած է ան:
