Իրանի Մէջ Ս․ Թադէի Վանքի Ուխտագնացութեան Պատգամը Խաղաղութեան Հաստատման Մաղթանքը Եղած է
Աւելի քան 3000 հայ մասնակցած է Իրանի մէջ Սուրբ Թադէի վանքի ամենամեայ ուխտագնացութեան։
Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Յուլիս 16-18 տեղի ունեցած ուխտագնացութեան մասնակցած է աւելի քան 3000 հայ՝ Իրանէն եւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ։
Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Տէր Գրիգոր արքեպիսկոպոս Չիֆթճեան, իր հերթին, նշած է, որ արարողութեան պատգամը Իրանի եւ ամբողջ աշխարհի խաղաղութեան ու անդորրի հաստատման մաղթանքն է։
