Իրական Խաղաղութիւնը Պէտք է Խարսխուած Ըլլայ Արդարութեան, Ճշմարտութեան, Ժողովուրդներու Հիմնարար Իրաւունքներու Յարգման Վրայ․ Վեհափառ Հայրապետ

Աշխարհ, Հայաստան

Սեպտեմբեր 18-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց «Save Armenia» կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն դոկտոր Փոլ Միւրէյի։

Ողջունելով հիւրերուն այցը համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն՝ Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց պատուիրակութեան անդամներուն՝ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին ցուցաբերուող զօրակցութեան, առկայ հիմնախնդիրներու՝ միջազգային հարթակներու վրայ բարձրաձայնման համար։

Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ բռնի տեղահանուած արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան հրամայականին, ազրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու շուտափոյթ ազատ արձակման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի հայկական հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ իւրացման քաղաքականութեան՝ կարեւոր համարելով այս առնչութեամբ միջազգային իրաւասու կառոյցներու, Քոյր Եկեղեցիներու եւ քրիստոնէական կազմակերպութիւններու առաւել գործուն հասցէական արձագանգը։

Այս ծիրէն ներս անդրադառնալով տարածաշրջանային զարգացումներուն՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդգծեց, որ իրական եւ տեւական խաղաղութիւնը պէտք է խարսխուած ըլլայ արդարութեան, ճշմարտութեան, մարդկային արժանապատուութեան, կրօնական ազատութեան եւ ժողովուրդներու հիմնարար իրաւունքներու յարգման վրայ։

Պատուիրակութեան անդամները իրենց հերթին բարձր գնահատեցին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դարաւոր հոգեւոր ու ազգապահպան առաքելութիւնը եւ պատմական ծանրագոյն փորձութիւններու պայմաններուն մէջ համաքրիստոնէական աշխարհին բերած հաւատի աննահանջ վկայութիւնը։ Հիւրերը ընդգծեցին, որ Հայաստանի եւ Հայոց Եկեղեցւոյ քրիստոնէական հարուստ ժառանգութիւնը պէտք է առաւել ճանչցուած եւ ըստ արժանւոյն գնահատուած ըլլայ միջազգային հանրութեան կողմէ` պատրաստակամութիւն յայտնելով շարունակելու իրենց ջանքերը՝ միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ հայ ժողովուրդի ու Հայոց Եկեղեցւոյ ձայնը լսելի դարձնելու ուղղութեամբ։ Վերջիններս ներկայացուցին նաեւ հայ գերիներու իրաւունքներու խախտումներու, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան դէմ ոտնձգութիւններուն վերաբերեալ իրենց նախաձեռնած իրազեկման աշխատանքները։ Պատուիրակութեան անդամները նաեւ հաւաստիացուցին Նորին Սրբութեան, որ հետեւողականօրէն պիտի բարձրաձայնեն հայ գերիներու խնդիրը Միացեալ Նահանգներու պետական կառոյցներու եւ միջազգային կրօնական ազատութեան հարցերով զբաղող համապատասխան մարմիններու մէջ։

Հանդիպման ընթացքին մտքեր փոխանակուեցան նաեւ մատաղ սերունդի քրիստոնէական դաստիարակութեան, երիտասարդներու հոգեւոր կեանքի եւ հաւատքի զօրացման, ինչպէս նաեւ ատելութեան ու թշնամանքի յաղթահարման եւ ժողովուրդներու միջեւ արդարութեան հաստաման շուրջ։

Աւարտին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը պատուիրակութեան անդամներուն մաղթեց արդիւնաւոր առաքելութիւն՝ հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը իրենց առաքելութեան մէջ։