«Ուժեղ Հայաստան»-ի Պատգամաւորները Պարգեւավճարները Պիտի Ուղղեն Տիգրանաշէնի Բնակիչներուն
ՀՀ ԱԺ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները՝ Անկախութեան օրուան առիթով իրենց ստացած պարգեւավճարները ամբողջ ծաւալով պիտի ուղղեն Տիգրանաշէնի բնակիչներուն` տիգրանաշէնցիներուն համար առաւել կարեւոր կարիքներու լուծման համար։ Այս մասին յայտնած է խմբակցութեան պատգամաւոր Տիգրան Աբրահամեանը։
«Հաշուետուութիւնը մանրամասնօրէն ու հրապարակայնօրէն կը ներկայացուի առաջիկայ շաբաթների ընթացքում: Զարգացում, ո´չ թէ յանձնում»,- գրած է ան։
Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին առիթով Ազգային ժողովի պատգամաւորները, Ազգային ժողովի աշխատակազմի պետական ծառայողները եւ աշխատողները պիտի խրախուսուին միանուագ դրամական պարգեւատրմամբ։
