Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող Քարտէսին Վրայ (Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Առիթով)․ «Ազդակ»
Խմբագրական
Մուսա լերան հերոսամարտի հերթական նշումը կը զուգակցուի Սուրբ Խաչի տօնին հետ: Հերոսամարտը, թէեւ շաբաթ մը ուշ կը նշուի կրօնական տօնէն, այդուհանդերձ զուգակցումի խորհուրդը կը պարփակէ իր մէջ:
Խաչով գողգոթան հաւատքի մը, այս պարագային կրօնական արժէքներու ամէն գնով կառչած մնալու, ի գին ամէն տեսակի զոհողութեան, կեանքի գնով անոնցմէ չհրաժարելու եւ մանաւանդ այդ հաւատքը տարածելու խորհուրդը կը պարփակէ իր մէջ:
Մուսա Լեռը այս պարագային ազգային գողգոթան պատուով բարձրանալու, ազատ ապրելու, բնօրրանը չլքելու, հետեւաբար նաեւ այդ արժէքներուն կառչած մնալու հաւաքական ուխտն է: Այդ արժէքներէն չհրաժարելու համար նահատակուիլը նոյնիսկ:
Խորհրդաբանութիւնը կը շարունակուի խաչի հետ զուգակցումին, երբ փրկութեան դրօշին վրայ պատկերուած կը տեսնենք խաչը: Այս անգամ փրկութեան խորհուրդին մէջ ազատ ապրելու, թշնամիին չենթարկուելու եւ մանաւանդ այդ արժէքներուն համար նոր բնօրրաններ կառուցելու անտեղիտալիութիւնը:
Այդ նոր բնօրրաններէն մէկն է հայկական Այնճարը, ուր կը շարունակուի արժէքապահպանութիւնը: Այս սկզբունքայնութեան իմաստը կը բազմապատկուի, երբ հարթիչ գլան մը կը բանի ճզմելու, վերափոխելու, իմաստազրկելու մինչեւ հիմա դաւանուածը: Հակադրելու պատմականն ու ներկան, տեսլականն ու իրականը, հարուածելու խորհրդանիշերը, սահմանափակելու հայրենիք հասկացողութեան տարածքը, հեգնելու հայրենասիրութիւնը, բնութագրելու սփիւռքը իբրեւ օգտագործուած ապրանք ուղարկող անգլուխ կեդրոն մը:
Արժէքափոխութեան այս արշաւին դէմ ամուր կանգնած է հայկական Այնճարը, հաւատարիմ` Մուսա լերան սկզբունքայնութեան, միասնականութեան, հայրենանուիրումին եւ արժէքներու պահպանման եւ տարածման հաւատամքին:
Այնճարը պատուար է վերափոխման այս քաղաքականութեան դէմ եւ օրինակ` համախումբ ապրելու, հայատրոփ միջավայր ստեղծելու, եկեղեցական կեանքով ապրելու, մշակոյթը արդիականացնելու եւ անով ապրելու, հայ մարզական կեանքին թափ տալու, բանակումներ հիւրընկալելու:
Այնճարը եզակի միջավայր է ամբողջ հայկական սփիւռքին մէջ իր հայկականութեամբ:
Այնճարը, իբրեւ Մուսա լերան միջավայրային շառաւիղը, սփիւռքի ուշադրութեան կիզակէտին յայտնուելու բոլոր պատճառները ունի: Վերափոխուող սփիւռքի, ժողովրդագրական պատկերներու կտրուկ փոփոխութիւններու ենթարկուող մեր համայնքներու յորձանուտին մէջ Այնճարը կը պահէ իր դիմագիծը, իր հայեցիութիւնը, իր հայկականութիւնը, իր էութիւնը` արժեհամակարգի շարունակումի եւ ծաղկումի առումներով:
Նօսրացումներու եւ նախկին դրուածքներու համատարած փոփոխութիւններու այս ընդհանուր հողմին մէջ, հայկական Այնճարը բոլոր պատճառները ունի արժանանալու համահայկական ուշադրութեան: Եւ եթէ այսօր Երեւանը չ՛ուզեր զբաղիլ յայտարարուող տարածութենէն դուրս գտնուող հայութեամբ, ապա սփիւռքեան կազմակերպութիւնները բոլոր պատճառները ունին սփիւռքի այսօրուան եւ փոփոխուող քարտէսին բոլոր շարժումները խորապէս քննարկելու, միտումները կանխատեսելու եւ անոնց մէջ նկատելու Այնճարի հաստատուն դիրքը, հայկականութեան եզակի միջավայրը, մնացող բնակչութիւնը: Հայութեամբ շնչող, արարող եւ բնօրրանին կառչած, Մուսա լերան հերոսներուն դաւանած արժէքները պահպանող այնճարահայութիւնը:
