Կեանքէն Հեռացաւ Ազգային Գործիչ Վարդգէս Զաքարեան
Կեանքէն հեռացաւ՝ Գամիշլիի մէջ երկարատեւ ազգային գործունէութիւն ծաւալած, նուիրեալ գաղափարական գործիչ Վարդգէս Զաքարեան։
Վարդգէս Զաքարեան հայու տիպար օրինակ էր, իր ազնիւ, համեստ ու ծառայասէր նկարագիրով։ Ան երկար տարիներ գլխաւորեց Գամիշլիի Ազգային վարժարաններու հոգաբարձութեան կազմը, աշխատեցաւ անսակարկ նուիրումով ու անխոնջ բծախնդրութեամբ՝ միշտ նպաստելով դպրոցի բարելաւման ու զարգացման գործին. ազգային մտածելակերպ ունեցող ծառայողին համար դպրոցը համայնքի ամենավեհ կառոյցն էր։ Իբրեւ հմուտ տնտեսագէտ եւ գաղափարական գործիչ, Վարդգէս Զաքարեան մաս կազմեց համայնքի տարբեր խորհուրդներուն՝ միշտ մնալով անաչառ եւ ուղղամիտ ծառայողը։
Խունկ ու աղօթք հանգուցեալի պայծառ յիշատակին…
Հանգուցեալի հոգեհանգստեան եւ յուղարկաւորութեան կարգը տեղի կ’ունենայ, Չորեքշաթի 7 Նոյեմբեր, ժամը 12:00-ին, Մուղնիի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ապա հանգուցեալի մարմինը հողին կը յանձնուի Պռոշեան գիւղի գերեզմանատան մէջ։


