«Հանրապետութիւն» Եւ «Լուսաւոր Հայաստան» Կուսակցութիւնները Առանձին Պիտի Մասնակցին Արտահերթ Ընտրութիւններուն

Հայաստան

«Լոյս»դաշինքը կազմած «Հանրապետութիւն» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնները առանձին-առանձին պիտի մասնակցին Ազգայի Ժողովի յառաջիկայ արտահերթ ընտրութիւններուն։ Այս մասին անոնց յայտարարութիւններ տարածած են»

«Հանրապետութիւն»ը ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններու պիտի մասնացի իր ծրագիրներն ու գաղափարները իրականացնելու նպատակով, Ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ գրած է «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեան:

«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատային «Լոյս» դաշինքի առաքելութեան ու յաջողութեան: Ներողութիւն կը խնդրեմ, որ դաշինքը այլեւս չկայ: Համոզուած եղէք, որ մենք առանձին-առանձին ալ պիտի գործենք ի շահ պետութեան ու ժողովուրդին, եւ այս հարցով այլընտրանք չկայ:

«Հանրապետութիւն»ը պիտի մասնակցի Աժ արտահերթ ընտրութիւններուն` իր ծրագրերն ու գաղափարները իրականացնելու նպատակով: Մնացածը յառաջիկային․․․»,- գրած է Սարգսեան:

Նոյնպիսի յայտարարութիւն մը տարածած է «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւն՝ յայտնելով, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի կուսակցութեան ցուցակով եւ սեփական սեփական տեսլականով եւ ծրագիրներով:

«Կուսակցութիւնը այս որոշումը կայացուցած է «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան հետ երկար քննարկումներու  արդիւնքով: «Լուսաւոր Հայաստան»-ը իր ցուցակին մէջ պիտի կը ներգրաւէ նաեւ ներկայացուցիչներ այլ գաղափարակից քաղաքական ուժերէ եւ աշխոյժ քաղաքացիական խումբերէ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: