Ազնաւուրի Դուստրը Հրապարակած է Հօր Մահէն Առաջ Անոր Վերջին Նկարը

Այլեւայլ, Սփիւռք

Երգիչ Շառլ Ազնաւուրի դուստր Սեդա Ազնաւուրը համացանցին մէջ հրապարակած է նկար մը ու գրած. «Մեր վերջին նկարը անոր մահէն առաջ»:

Նկարին մէջ Շառլ Ազնաւուրը, անոր քոյրն ու Սեդա Ազնաւուրն են:

Յիշեցնենք, որ աշխարհահռչակ երգիչը կեանքէն հեռացաւ Հոկտեմբեր 1-ին` 94 տարեկանին: