ԱՄՆ-ի Հայկական Թանգարանին Մէջ Ներկայացուած Են Հայոց Ցեղասպանութիւնը Վերապրածներու Իրերը

Աշխարհ, Սփիւռք

Ամերիկեան Մասաչուսէթս նահանգի Ուոթերթաուն քաղաքին մէջ մօտ օրէն պիտի բացուի ամերիկայի հայկական թանգարանը, ուր կը ցուցադրուին Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակներէն պահպանուած իրեր:

Թանգարանի գլխաւոր տնօրէն Ճենիֆըր Լիսթըն Մանսոն նշած է, որ ցուցանմուշներուն մէջ կան առարկաներ, որոնք դեռ փաթեթներէն չեն հասած հանել, սակայն այժմ իրենք պատրաստ են «ցուցադրելու» զանոնք ողջ աշխարհին` կը տեղեկացնէ «Նիուզ»-ը՝ վկայակորելով «Boston Globe»-ը:

Թանգարանի բացումը նախատեսուած է Նոյեմբեր 15-ին: Բացման պաշտօնական արարողութեան հիւրերը կրնան վայելել նաեւ հայ թաւջութակահարուհի Քէյթ Գայայեանի երաժշտութիւնը:

Թանգարանի հաւաքածուի մէջ պիտի ընդգրկուին աւելի քան 5000 հինաւուրց եւ միջնադարեան հայկական մետաղադրամներ, աւելի քան 3000 գործուածքներ, կրօնական գտածոներ, կաւէ միջնադարեան զարդանախշերով առարկաներ․․․

Այժմ շէնքը կը վերանորոգուի, իսկ թանգարանի ձեւաւորումը կատարած է յանրայայտ ճարտարապետ Վիրճինիա Տուրութին:

Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուի միջնադարեան մասունք` մետաղեայ ձեռք, որ փրկուած է Ցեղասպանութեան ժամանակ: Զայն թանգարանին նուիրած է Աղաւնի Տեմիրճեանը: Անոր խօսքերով` մետաղեայ ձեռքը կոտորածէն փախած երկու կանայք 1916-ին փոխանցած են իր մօրը, որ պահպանէ զայն: Ան ալ իր հետ բերած է ԱՄՆ եւ պահպանած տաճարի գերեզմանատան մէջ: Մօր մահէն ետք Աղաւնի Տեմիրճեան որոշած է մասունքը թանգարանին նուիրաբերել:

Ճենիֆըր Լիսթըն Մանսոն ընդգծած է ցուցահանդէսի կարեւորութիւնը` յիշեցնելով, թէ քանի մարդ ստիպուած եղած է լքելու իր հայրենիքը: