Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբադասուած Նահատակներու Յիշատակին Յուշակոթող՝ Զահլէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Սփիւռք


Շաբաթ, 17 Ապրիլ 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Զահլէի (Լիբանան) Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան սրբադասուած նահատակաց կոթողի բացման հանդիսութիւնը։

Հանդիսութեան հովանաւորն էր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան։ Ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, Զահլէի յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Իսամ Եուհաննա Տարուիշ, Զահլէի մարոնի համայնքի առաջնորդ Ժոզէֆ Մուաուատ, Զահլէի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Անթոնիոս Ալ Սուրիի ներկայացուցիչ հայր Երեմիա Ազզամ, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու: