Շարունակե՛լ Հայրենադաւ Իշխանութիւնները Օր Առաջ Հեռացնելու Պայքարը. ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը

Հայաստան

ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան 24-րդ Գերագոյն ժողովը տարածած է յհայտարարութիւն, ուր կ՝ըսուի.

ՀՅԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԺՈՂՈՎԻ

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան 24-րդ Գերագոյն ժողովը՝ քննելով Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն մէջ ստեղծուած քաղաքական եւ անվտանգային իրավիճակը, գնահատելով հանրային կեանքին մէջ տիրող տրամադրութիւններն ու բարոյահոգեբանական մթնոլորտը, յետպատերազմական իրավիճակով պայմանաոորուած արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրներն ու սպառնալիքները, կ՝արձանագրէ.

– մեր ժողովուրդի եւ պետականութեան ապագայի համար կենսական անհրաժեշտութիւն կը շարունակէ մնալ նախապէս յայտարարուած բոլոր միջոցներով հայրենադաւ իշխանութեան հեռացումն ու մեր երկրի կառավարման համակարգին մէջ նիկոլիզմի ի սպառ բացառումը,

– թէեւ ժողովրդական պայքարի իբրեւ արդիւնք իշխանութիւնները ստիպուած էին յայտարարելու արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու իրականացման մասին, սակայն ակնյայտ է, որ ընտրութիւններու անուան տակ իշխանութիւնը պիտի փորձէ ամէն ինչ ընել վերարտադրուելու համար, 

– արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու հաւանական իրականացումը պիտի ունենայ ճակատագրական նշանակութիւն մեր ազգային ինքնութեան եւ պետականութեան պահպանման համար։

Մեկնելով վերոյիշեալ հաստատումներէն եւ արձանագրումներէն՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն ժողովը որոշեց՝

Ա. արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացուելու պարագային մասնակցիլ՝ զայն դիտարկելով որպէս հայրենադաւ իշխանութիւնները հեռացնելու միջոցներէն մէկը,

Բ. հաւանական ընտրութիւններուն ՀՅԴ մասնակցութեան ձեւաչափին վերաբերեալ որոշումներ կայացնելու լիազօրութիւնը վերապահել ՀՅԴ  Հայաստանի Գերագոյն մարմնին։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն ժողովը կոչ կ՝ընէ մեր հայրենակիցներուն՝ ցանկացած զարգացման պարագայի՝ ըլլայ ընտրութիւն, թէ՝ ոչ, շարունակել հայրենադաւ իշխանութիւնները օր առաջ հեռացնելու պայքարը՝ յանուն երկրի ապագայի։

18.04.2021 թ.