
Թուրքիոյ Տարածքին Հայաստանի Պաշտօնական Կայքերը Արգելափակուած Են
Թուրքիոյ տարածքին արգելափակուած են ՀՀ շարք մը պետական կառոյցներու պաշտօնական կայքերը: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով artigercek.com-ը։
Ըստ թրքական մամուլին մէջ յայտնուած հրապարակումներուն՝ արգելափակուածլ են մասնաւորապէս ՀՀ նախագահի, կառավարութեան ու բոլոր նախարարութիւններու կայքէջերը:
Կը նշուի, որ Թուրքիոյ տարածքէն նշեալ կայքեր մուտք գործել փորձելով՝ պաստառին կը յայտնուի «Արգելափակուած երկիր (Հայաստան)» գրութիւնը:m