Ի խնդիր Հայ-Հնդկական Արժանավայել Բարեկամութեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հրաչ Վարժապետեան

Երեւանի մէջ Մահաթմա Կանտիի արձանին տեղադրման որոշումը ալեկոծած է հայաշխարհը: Ինչպէ՞ս կարելի է հայրենի հողին վրայ կանգնեցնել մարդու մը արձանը, որ հակառակ իր ազատատենչ ու արդարատենչ համաշխարհային համբաւին եւ համամարդկային արժէքներու նկատմամբ իր տածած հոգատարութեան, բացայայտօրէն անտեսած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը եւ մերժած է Հայաստանի գոյութիւնը, դաշնակից Թուրքիոյ հետ իր շահերուն հաշւոյն: «Թուրքիան Հայաստանի վրայ վերահսկողութիւն պէտք է ունենայ, վերագրաւելով Հայաստանը» դաւանող մարդուն արձանին տեղադրումը բնականաբար չի կրնար ունենալ եւ չունի ոչ մէկ արդարացում: Անժխտելիօրէն Կանտին աշխարհահռչակ մեծութիւն է, քաղաքական միջազգային վաւերական դէմք է, կարկառուն փիլիսոփայ է, սակայն հայութեան համար տխրահռչակ անձնաւորութիւն է իրաւամբ, իսկ անոր վերոյիշեալ դիրքորոշումը պարզապէս փրօ թուրք չէ միայն, այլեւ` հակահայ: Կարելի չէ հակառակը պնդել:


Այսուհանդերձ չի նշանակեր, սակայն, որ արձանին տեղադրման մերժումով պէտք է վտանգել հայ-հնդկական յարաբերութիւնները: Երբեք: Կորիզային հսկայական ուժ ներկայացնող ու հետզհետէ գերպետութիւն հանդիսացող, շուտով մէկուկէս միլիառ բնակչութիւն հաշուող հզօր Հնդկաստանին հետ բազմակողմանի մեր շահերը ոչ մէկը եւ ոչ մէկ ձեւով իրաւունք ունի վտանգելու: Տարրական այս գիտակցութիւնը ունի իւրաքանչիւր հայ: Առ այդ, տեղադրման հապճեպ ու անտեղի որոշումին տէրերը ինքնարդարացման սիրոյն թող չփորձեն շահարկել այդ վարկածը ու աւելորդ լօլօներ թող չկարդան մեր գլխուն …


Կարելի էր եւ հարկ էր բացատրել դիմում կատարած հնդկական կողմին, թէ որքան լուրջ ու էական հիմնաւորումներով մերժելի է Կանտիի կերպարը մեզի համար եւ փոխարէնը կարելի էր այլ տարբերակ առաջարկել: Օրինակ` գրականութեան Նոպէլեան մրցանակակիր Ռապինտրանաթ Թակորի (Rabindranath Tagore) արձանը, որպէս արժանավայել խորհրդանիշ հայ-հնդկական բարեկամութեան: Հնդիկ հանրածանօթ գրողը իսկական բարեկամ էր հայ ժողովուրդին, քաջածանօթ` մեր պատմութեան ու ջերմ ջատագով` հայ մշակոյթին: Հակապատկերը` Կանտիին: Ան լաւագոյնս կը մարմնաւորէ երկու ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը ու հաւասարապէս պատիւ կը բերէ երկու կողմերուն:


Ուշ չէ, պարոնայք, վերանայելու ձեր որոշումը եւ սրբագրելու մեր ազգային արժանապատուութիւնը խոցող ձեր կոպիտ սխալը: