Արայիկ Յարութիւնեան Առաջնահերթութիւն Կը Համարէ Արցախի Ինքնաբաւ Տնտեսական Համակարգ Ստեղծելը

Հայաստան

Պարէնային եւ ուժանիւթի անվտանգութեան հարցերով բոլոր հնարաւոր վտանգները կառավարելու համար ինքնաբաւ տնտեսական համակարգ ստեղծելը պիտի շարունակէ մնալ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան վարած քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն:

Ըստ «Եռագոյն»-ի՝  այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան: Այս ծիրէն ներս, որպէս յաջողած օրինակ, ան անդրադարձած է Մարտունիի շրջանի Թաղավարդ համայնքին մէջ գործող «Ռեյփսիդ» ձէթի գործարանի գործունէութեան, որ Արցախի մէջ արտադրուած հումքով ու գրեթէ առանց թափօնի արտադրութիւն ունի: Գործարանին մէջ տեղադրուած ժամանակակից արտադրական հոսքագիծը, բնական կազի փոխարէն՝ կ՛աշխատի արեւածաղիկի վերամշակման արդիւնքով ստացած մնացուկի` բնական կեղեւի այրումէն` գոլորշիի ջերմային ուժանիւթի մեքանիկական աշխատանքի փոխակերպելու միջոցով:

Ըստ անոր՝ այսպիսի ձեռնարկութիւնները օրինակ պէտք է ըլլան, որ առանց երեկտրականութեան բնական վառելիքով եւ առանց դուրսէն կախուածութեան կարելի է զարգացնել Արցախի հանրապետութեան տնտեսութիւնը։