Հայաստանի Իշխանութիւնները Տակաւին Չեն Ընկալած Հայրենադարձութեան Գաղափարական Էութիւնը

Հայաստան

Զարմանքով ընթերցեցինք մամուլի տարբեր աղբիւրներու մէջ զետեղուած՝ Սփիւռքի գործերով գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի ելոյթը այն մասին, թէ «երթալով արտերկիր ու այցելելով սփիւռքի համայնքներ՝ հայրենադարձութիւն խթանելը իրենց համար առաջնահերթ խնդիր չեն դներ» (մէջբերումը՝ “Առաւօտ”-էն), եւ կամ՝ “Ես պէտք է ըսեմ, որ մենք պատրաստ չենք լայնածաւալ հայրենադարձութեան։ Եթէ նման բան տեղի ունենայ, եկէք անկեղծ ըլլանք՝ մենք ատոր պարզապէս պատրաստ չենք» (Սինանեանի ուղիղ խօսքի մէջբերումը՝ դարձեալ “Առաւօտ»էն)։ Մենք սպասեցինք այս լուրի հերքումին, կամ որեւէ այլ պարզաբանման, որ սակայն տեղի չունեցաւ։ Հետեւաբար, որպէս Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակ, պարտաւորուած ենք արձագանգելու այս ելոյթին։

Առաջին հերթին կը ցանկանք ընդգծել, որ հայրենադարձութիւնը երբեք չի կրնար սպասել երկրի «պատրաստ» ըլլալուն. եթէ պրն. Սինանեանի պատկերացումով հայրենիքի մէջ հաստատուելու տրամադրութիւն ունեցող մեր հայրենակիցները կը սպասեն, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութիւնը դառնայ աշխարհի ամենազարգացած եւ ամենաապահով երկիրը եւ իրենք այդ ժամանակ հաստատուին այստեղ, ապա չարաչար կը սխալին։ Իսկ եթէ պրն. Սինանեանը ի՛նքը հայրենիք վերադարձած էր, մտածելով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր նոր իշխանութեամբ արդէն դարձած է դրախտավայր, դարձեա՛լ չարաչար սխալած էր։ Աւելի՛ն. եթէ ան կը յայտարարէ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր պատրաստ չէ «լայնածաւալ հայրենադարձութեան», ատիկա առաջին հերթին կը նշանակէ, որ ինք կ՛ընդունի իր ձախողութիւնը ստանձնած առաքելութեան մէջ, ապա նաեւ իր մաս կազմած իշխանութեան ձախողութիւնը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ արտերկրի հայութեան առաջ։ Ան կ՛ապացուցէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները տակաւին չեն ընկալած հայրենադարձութեան գաղափարական էութիւնը։

Մասսայական հայրենադարձութեան համար անհրաժեշտ է մէկ բան՝ յստակ, ընկալելի, համապարփակ եւ կարճ օրինական փաթեթ, որ կը կարգաւորէ հայրենադարձութեան գործընթացը։ Նմանօրինակ օրէնքի մշակումէն խուսափած են Հայաստանի ղեկավարութիւնը ստանձնած բոլոր իշխանութիւնները՝ անխտիր եւ դիմած են միմիայն ձեւական քայլերու, մինչդեռ հայրենադարձութիւնը Հայաստանի համար ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող խնդիր է։ Եթէ պրն. Սինանեանը կարենայ ապահովել վերոնշեալ օրէնքի ընդունումը, ապա հայ ժողովուրդի տարբեր շերտեր իրե՛նք կը բարձրացնեն հայրենադարձութեան ալիքն ու գալով Հայաստան՝ իրենց աշխատանքով ու քրտինքով մասնակից կը դառնան Հայաստան երկրի եւ Հայաստան պետութեան կառուցման եւ զարգացման գործընթացներուն։