Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Սերպիոյ Հայ Համայնքին Հետ
Սերպիոյ Հանրապետութիւն պաշտօնական այցելութեան աւարտին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան իր կնոջ` Նունէ Սարգսեանին հետ հանդիպում ունեցած է Սերպիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
«Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը նախ տեղեկացուցած է պաշտօնական այցելութեան ընթացքին ունեցած հանդիպումներուն եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն մասին: Նշելով, որ հայ եւ սերպ ժողովուրդները ունեցած են ընդհանուր պատմութիւն եւ նման ճակատագիր` նախագահը ընդգծած է, որ ներկայիս նոյնպէս երկու երկիրները շատ նման խնդիրներ ունին:
Սերպիոյ հետ համագործակցութիւնը սերտացնելու միւս պատճառներէն մէկը նախագահը նկատած է ելեկտրոնիքսի եւ արհեստագիտութիւններու ոլորտներուն մէջ այդ երկրին մեծ ներուժը:
Ան ընդգծած է, որ Հայաստանն ու Սերպիան կարիքը ունին զարգացնելու նաեւ փոխադրական կապերը եւ խթանելու զբօսաշրջութիւնը: Երկու երկիրները սնունդի արտադրութեան ոլորտին մէջ եւս մեծ ներուժ ունին:
Հայաստանի նախագահը այնուհետեւ անդրադարձած է պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն:
Այնուհետեւ նախագահը պատասխանած է համայնքի ներկայացուցիչներու հարցումներուն: