Ամուլսա՞ր, Թէ՞ Ամուլվար

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Այս օրերուն շատ խօսուեցաւ ու տակաւին պիտի խօսուի Ամուլսարի տագնապին մասին: Եկէք` պահ մը մոռնանք Ամուլսարը, մեր հայեացքը հեռացնենք հայկական լեռնաշխարհէն ու տեսնենք` ի՞նչ կ՛անցնի կը դառնայ այս մոլորակին վրայ այլուր` նոյն այդ հանքային ոլորտէն ներս:

Այդ նիւթին նուիրուած էր երկար լրատուութիւն մը` Ֆրանսական լրատուական գործակալութեան (Agence France presse-ի) Լոնտոնի գրասենեակէն, Louis Torres Tailfer-ի կողմէ գրուած եւ լոյս տեսած` Մոնրէալի (նաեւ` Քանատայի) մեծազդեցիկ օրաթերթերէն Le Devoir-ի 2019 սեպտեմբեր 23-ի թիւին մէջ` Que de la poudre aux yeux? («Աչքի փոշի՞ միայն») խորագրին տակ, այդ խորագրին ալ ներքեւ աւելցուած` «Հանքային ճարտարարուեստը կ՛ամբաստանուի որպէս աշխարհի ամէնէն ապականիչ եւ վտանգաւոր ճարտարարուեստներէն մէկը»:

Արդարեւ, այժմ փորձեր կ՛ըլլան որդեգրելու աւելի բարոյական մօտեցումներ, բայց շրջակայ միջավայրի եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան ընկերակցութիւններ կը դատապարտեն սին խօսքերը:

Վերջերս Ոսկիի համաշխարհային խորհուրդը (ՈՀԽ) կը հրատարակէր արդիւնահանման պատասխանատու սկզբունքները` կոչ ընելով իր անդամներուն «ընդդիմանալ կաշառակերութեան», «յարգել պաշտօնեաներու եւ համայնքներու մարդկային իրաւունքները» ու, տակաւին, «պաշտպանել դիւրաբեկ բնահամակարգերը (écosystèmes)»: Նոյնպէս London Metal Exchange-ը կ՛առաջարկէր նոր չափորոշիչներ` հումքի ծագումը ճշդելու համար:

Որոշ ձեռնարկութիւններ, ինչպէս` ոսկիի մեծագոյն արտադրիչ Barrick Gold-ը, կը հաստատեն, որ արդէն իսկ կը յարգեն, նոյնիսկ կը գերազանցեն ՈՀԽ-ի սկզբունքները: Ուրիշներ ալ կը ջանան հաւաստիացնել, որ «պատասխանատու ծրագիրներ» կ՛իրականացնեն: Սակայն ոչ կառավարական հասարակական կազմակերպութիւններն ու մասնագէտները թերահաւատ կը մնան: Բարի կամեցողութեան կարեւոր արտայայտութիւններ են նման յայտարարութիւնները, կ՛ըսեն անոնք, բայց շատ կարեւոր է, որ խօսքին միանայ գործը, եւ ատոնք չծառայեն պարզապէս վարկի վերականգնման:

Հազուագիւտ հանքանիւթերն ու հողերը, ինչպէս` պղինձը, լիթիումն ու նիկելը, կենսական են ելեկտրական ինքնաշարժներու եւ արեւային վահանակներու արտադրութեան համար, եւ անոնց պահանջարկը չի դադրիր աւելնալէ:

Անոնք ճակատամարտերու առարկայ են գերպետութիւններու միջեւ, որոնք կը ջանան տիրանալ ապագայի արհեստագիտութիւններուն եւ շարժուժի (Էներկիայի – energy) աղբիւրներուն, բայց անոնց հանքամշակումները այնպիսի երկիրներու մէջ, որոնք այնքան ալ մտահոգ չեն մարդկային իրաւունքներու եւ բնապաշտպանութեան տեսակէտէն, կանոնաւոր կերպով աշխարհի ուշադրութիւնը կը գրաւեն իրենց կործանարար հետեւանքներուն համար: Վերջին օրինակներէն են զուիցերիական Glencore հսկայ ընկերութեան մէկ տնայնագործական հանքի փլուզումը եւ պրազիլական Vale ընկերութեան ամբարտակի խորտակումը, որ պատճառ եղաւ 270 հոգիի մահուան ու անհետացման: Մատով ցոյց կը տրուէր նաեւ հազուագիւտ հողերու ճարտարարուեստը, երբ ներքին Մոնկոլիոյ մէջ արդիւնահանման վայրէ մը թունաւոր թափօններ նետուեցան Պաոթուի արհեստական լիճին մէջ:

Մասնագէտները կը հաստատեն, որ շատ աւելին պէտք է կատարուի ապահովելու համար մարդկային իրաւունքները` բնական նիւթերու հայթայթման բոլոր աստիճաններուն վրայ: Մարդկային իրաւանց պաշտպանները կը քննադատեն նաեւ նոր չափորոշիչներու անպարտադիր հանգամանքը:

Միջազգային համաներում (Amnesty International) կազմակերպութիւնը կ՛ուզէ, որ որդեգրուին այնպիսի օրէնքներ, որոնք օրինականօրէն պիտի ստիպեն, որ հանքի ճարտարարուեստը գործէ պատասխանատու եւ թափանցիկ կերպով: Դժբախտաբար կարգ մը երկիրներու մէջ, ինչպէս` Միացեալ Նահանգներու կամ Պրազիլի կառավարութիւնները կ՛ընթանան հանքամշակման աւելի ու աւելի ապակարգաւորման ուղղութեամբ:

AFP-ի վերոնշեալ տեղեկատուութիւնը տակաւին չ՛անդրադառնար այս հարցի մէկ այլ երեսին, որ կը վերաբերի այդ հանքերը ունեցող աղքատ երկիրներու այլապէս շահագործման երեւոյթին: Չէ՞ որ, ի վերջոյ, հանքերուն, հողերուն տէր երկիրները չե՛ն, որ առաւելաբար կ՛օգտուին իրենց բնական հարստութիւններէն, այլ` այն մեծ ընկերութիւնները, որոնք հանքամշակումը կը կատարեն ու կը հարստացնեն իրենց ղեկավարներն ու փայատէրերը, ինչպէս նաեւ` իրենց պետութիւններու իշխանաւորները, այլեւ կաշառելով շահագործուող երկիրներու պետական այրերը` առաւելագոյն չափով անարգել գործել կարենալու համար: Կառավարութիւնները չե՛ն ծառայեր իրենց վարած երկիրներու ժողովուրդներու շահերուն:

Ինչպէ՞ս անտեսել այս հարցերը, որոնք ոչ միայն աշխարհի, այլեւ մեր ալ երկրի մտահոգութեան առարկան կը հանդիսանան:

Վերնագրիս մեկնաբանութիւնը կը ձգեմ ընթերցողին…