WCIT Նուագախումբը Ազդադարեց Երեւանի Մէջ ՏԱ Համաշխարհային Համաժողովի Մեկնարկը

Հայաստան

WCIT Նուագախումբը Ազդադարեց Երեւանի Մէջ ՏԱ Համաշխարհային Համաժողովի Մեկնարկը

Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովի ծիրէն ներս ստեղծուած WCIT նուագախումբը ազդարարեց Երեւանի մէջ WCIT-2019 համաժողովի մեկնարկը: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` Հոկտեմբեր 6-ին Հանրապետութեան Հրապարակի վրայ տեղի ունեցած համերգային երեկոյին ելոյթ ունեցաւ նաեւ աշխարհահռչակ DJ Արմին վան Պիւրենը:

Համերգին ներկայ եղաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Նուագախումբի երաժիշտները ներկայացուցին այն երկիրները, որոնք նախախէս հիւրընկալած են Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովները: Իւրայատուկ ձեւով ստեղծուած նուագախումբի համերգային ծրագրին մէջ ներառուած են համաժողովը հիւրընկալած երկիրները խորհրդանշող երաժշտական գործեր, հայ երաժշտահաններու լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն կազմուած շարք:

Յայտնի ստեղծագործութիւններէն բացի, WCIT նուագախումբը, առանց նախապէս ծանօթ ըլլալու ստեղծագործութեան, համերգին առաջին անգամ իրական ժամանակի մէջ կատարուեց արհեստական բանականութեան ստեղծած երաժշտութիւնը: Արհեստական բանականութեան «սորվեցուցած են» ստեղծագործել շարականի հիման վրայ:

WCIT համաշխարհային նուագախումբի ստեղծման գաղափարը կը պատկանի Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերգէյ Սմբատեանին, որ նաեւ կը ղեկավարէ խումբը, եւ կեանքի կոչուած է WCIT-2019-ի կազմակերպիչներու աջակցութեամբ: