Նեթանիահու Էրտողանին Յիշեցուցած է Հայերու Սարսափելի Կոտորածին Մասին
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին յիշեցուցած է հայերու սարսափելի կոտորածին մասին: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` Նեթանեահու անդրադարձած է Էրտողանի յայտարարութեան, որով վերջինս Իսրայէլը մեղադրած է Պաղեստինի տարածքները գրաւելու եւ խաղաղ բնակիչները սպաննելու մէջ:
«Ան, որ չի դադրիր խաբելէ Իսրայէլը` իր սեփական երկրին մէջ քիւրտերու սպանդին վերաբերեալ, որ կը ժխտէ հայ ժողովուրդի սարսափելի սպանդը, պէտք չէ որեւէ խրատ տայ Իսրայէլին: Էրտողան, դադարի՛ր ստելէ,- «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ գրած է Նեթանիահու: