Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Մասին Թրքական Իշխանություններու Ներկայացուցած Նոր Կանոնագրի Պայմանները

Աշխարհ, Սփիւռք

Սեպտեմբեր 23-ին Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը Պոլսոյ նահանգապետարանի միջոցով Կ. Պոլսի Հայոց Պատրիարքարան ուղարկած է 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան վերաբերեալ գրաւոր կանոնագիրը (կանոնադրութիւնը):

Կանոնադրութեան 25-րդ կէտին մէջ ներկայացուած 6 պայմաններուն համապատասխանելու պարագային միայն կարելի է Կ. Պոլսի պատրիարքական աթոռի համար թեկնածութիւն առաջադրել:

Կանոնադրութեան սահմանած պայմանները ստորեւ`

  • Պատրիարքի թեկնածուի հայրը պէտք է եղած ըլլայ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի:
  • Թեկնածուն պէտք է վայելէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կառավարութեան վստահութիւնը (պետութեան դէմ ուղղուած քաղաքական հռետորաբանութիւն եւ գործունէութիւն չծաւալել, ինչպէս նաեւ չմասնակցիլ պետութեան վստահութիւնը եւ հեղինակութիւնը խաթարող գործողութիւններուն):
  • Թեկնածուն պէտք է ունենայ Պոլսի հայոց պատրիարքութեան ենթակայ եպիսկոպոսի աստիճան:
  • Պէտք է լրացած ըլլայ պատրիարքի թեկնածուին 35 տարին:
  • Թեկնածուն պէտք չէ դատուած ըլլայ, եւ պէտք չէ ընտրութեան մասնակցութեան խոչընդոտող այլ հանգամանքներ ըլլան:
  • Թեկնածուն պէտք է ի զօրու ըլլայ պատրիարքի պարտականութիւնները յաւուր պատշաճի կատարելու համար:

Պատրիարքի թեկնածու առաջադրուելու համար սահմանուած վերոյիշեալ պայմաններէն նոր եւ խնդրայարոյց է միայն 3-րդը, որ անհնար կը դարձնէ արտասահման բնակող թեկնածուներու առաջադրումը: