Պինկէօլի Մէջ Ուրարտական Շրջանի 3․600-ամեայ Բնակավայր Յայտնաբերուած է

Աշխարհ, Էրկիր

Ներկայիս Թուրքիոյ Հանրապետութեան տարածքին գտնուող հայկական Բիւրակնի (թրքական անուանումը` Պինկէօլ-Ակունքի խմբ․) Մուրատ գիւղին մէջ գտնուող Նորիկ հողաբուլրին վրայ կատարուած պեղումներուն շնորհիւ ուրարտական շրջանին պատկանող 3․600-ամեայ հնամենի բնակավայր մը յայտնաբերուած է: Այդ մասին կը հաղորդէ Akunq.net/am/-ը` վկայակոչելով թրքական Gazete Duvar լրատուամիջոցը:

Աղբիւրին համաձայն` պեղումները ղեկավարող Էլազըղի (Խարբերդ) թանգարաններու տնօրէն Զիյա Քըլըչ լրատուամիջոցներուն յայտնած է, որ 158 հնագէտի մասնակցութեամբ իրականացուող սոյն աշխատանքներուն արդիւնքով մինչ այժմ յայտնաբերուած են բազմաթիւ գտածոներ , որոնց մէջ յիշատակելի է  յատկապէս ուրարտական դարաշրջանի գերեզմանոցէ մը գտնուած պրոնզէ գօտիները: Վերջիններուս վրայ ռազմական տեսարաններ կան:

Ան նաեւ հաղորդած է, որ այդ գտածոները շուտով պիտի յանձնուին Պինկէօլի թանգարանին: