«Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Առցանց Մամլոյ Ասուլիսին Քննադատուեցաւ Փաշինեանի Վարած Քաղաքականութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

«Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան միջազգային դիտարան»ի (IODA) առցանց մամլոյ ասուլիսին ընթացքին դիտարանի գործադիր խորհուրդի անդամ, «Human Rights Watch»ի նախկին գործադիր տնօրէն Քենեթ Ռաթ ը ըսաւ, թէ մինչեւ ընտրութիւնները կազմակերպութիւնը կը զգուշացնէր, որ Փաշինեանն ու իր կուսակիցները ունին բռնատիրական հակումներ, որոնք դրսեւորուած էին քարոզարշաւին ընթացքին։ «Փաշինեան չարաշահած է որոշ օրէնքներ եւ կառավարութեան հայեցողութիւնը՝ ընդդիմադիր թեկնածուները, քննադատող ձայները, անկախ լրագրողները եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցին ճնշելու համար։  Այս մասին կը հաղորդէ «Առաւօտ»ի լրագրող Տաթեւիկ Յարութիւնեան։

Ըստ անոր՝ նախընտրական շրջանին Նիկոլ Փաշինեան շատ խելացի վարուած է․ «Ան ճնշումներուն մեծ մասը կը ներկայացնէր իբրեւ ռուսական ազդեցութենէն խուսափելու ձեւ։ Չենք հերքեր այն հանգամանքը, որ ռուսական կառավարութիւնը փորձած էր ազդեցութիւն ունենալ Հայաստանի ընտրութիւններուն վրայ, բայց նաեւ պէտք է նշել, որ այդպէս կ՛ընէին նաեւ եւրոպական կառավարութիւններն ու ամերիկեան շրջանակները։ Փաշինեան յաջողութեամբ համոզեց արեւմտեան կառավարութիւնները՝ անտեսելու ընտրական ընթացքը փոխելու իր ջանքերը։ Մենք զգուշացուցած էինք, որ այդ գործողութիւնները միայն ընտրութիւններու ընթացքին չէին վերաբերեր, այլ այս կառավարութեան բնոյթին։ Զգուշացուցած էինք, որ եթէ Փաշինեանի կառավարութիւնը անպատիժ մնայ, աւելի մեծ է հաւանականութիւնը, որ ան պիտի շարունակէ այսպէս բռնապետական ձեւով յառաջ երթալ»։

Քենեթ Ռաթ ի համաձայն՝ Նիկոլ Փաշինեան բազմիցս օգտագործած է իրաւապահները եւ ոստիկանական միջոցները՝ յատկապէս իր հակառակորդները լռեցնելու համար․ իսկ այս քայլերը այնքան չեն միտիր օրէնքը պահպանելու, որքան վրէժխնդրութեան․ «Գործադիրը կը թելադրէ, իսկ արդարադատութեան համակարգը կը գործադրէ։ Օրինակ՝ լուր ստացանք, որ Ռոպերթ Քոչարեանն ու անոր որդին ձերբակալուած են, նախագահ Սարգսեանը հրաւիրուած է Հակակոռուպցիոն կոմիտէ։ Այս բոլորը կարծես վարչապետին երէկուան հրահանգով եւ անոր ջանքերով է։ Կառավարութիւնը կը փորձէ նաեւ ճնշում բանեցնել Հայ առաքելական եկեղեցւոյ նկատմամբ, մինչդեռ կառավարութիւնը իրաւունք չունի միջամտելու եկեղեցւոյ ներքին կանոնակարգին։ Կ՛ուզենք արթնութեան կոչ ուղղել արեւմտեան կառավարութիւններուն, յատկապէս՝ Եւրոպական Միութեան, քանի որ ժամանակին բաւարար քայլերու չձեռնարկեցին, գոնէ հիմա քայլերու դիմեն։ Այստեղ հարց կը ծագի․ Եւրոպական Միութիւնը պարզապէս արեւմտամէտ բռնապետութի՞ւն կ՛ուզէ հաստատել Հայաստանի մէջ, թէ՞ ժողովրդավարութիւն։ Ասիկա ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Եւրոպական Միութեան աւելի ընդարձակ արտաքին քաղաքականութեան վրայ կը տարածուի։ Հայաստանը այն փորձաքարն է, որ պէտք է ցոյց տայ Եւրոպական Միութեան յանձնառութիւնը ժողովրդավարական սկզբունքներուն նկատմամբ։ Յոյս ունինք, որ Պրիւքսելը պիտի կարենայ սկզբունքային արձագանգ տալ»։

«Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան միջազգային դիտարան»ի գործադիր խորհուրդի անդամ Խօսէ Արանաս իր կարգին ըսաւ, որ իրենց կազմակերպութեան արձանագրած խնդիրները պարզ պատահարներ չեն, այլ միտումներ․ «Օրինակ՝ այդպիսի միտում կայ ճնշում բանեցնելու ժողովրդավարական հաստատութիւններու վրայ, ինչպէս նաեւ սահմանադրական արժէքներու նուազեցման, կրօնի դաւանանքի ազատութեան սկզբունքներուն եւ հոգեւոր անվտանգութեան հայեցակարգի տկարացման ուղղուած միտումներ»։

Պատասխանելով «Առաւօտ»ի այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը պատկերացնեն ընդդիմադիր ուժերու դերակատարութիւնը կանխելու Փաշինեանի կառավարութեան գործողութիւնները, որոնք, ըստ բանախօսներուն, երկիրը դէպի բռնապետութիւն կը տանին, Քենեթ Ռաթ  ըսաւ.  «Առաջին հերթին, այս պահուն ընդդիմադիր ձայները ինքնին տուժողներն են, որովհետեւ թիրախ են Փաշինեանի կառավարութեան․ հետեւաբար պէտք չէ մեղադրենք տուժողները։ Այս պահու դրութեամբ ընդդիմութիւնը վստահաբար պէտք է կոչ ուղղէ միջազգային հանրութեան, աջակցութիւն հայցէ՝ պաշտպանելու եւ պահպանելու Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը։ Ընդդիմութիւնը բոլոր կարելիութիւնները ունի այդ ձայները բարձրացնելու։ Այս կառավարութիւնը կ՛ուզէ կառավարել առանց քննադատութեան, եւ խնդիրն այն է, որ այս կառավարութիւնը չ՛ուզեր առաջնորդուիլ ժողովրդավարական սկզբունքներով»։

Անդրադառնալով այն փաստին, որ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է Եւրոպական Միութեան անդամակցելու գործընթացին սկսելու մասին՝ Ռաթ  ըսաւ․ «Եւրոպական Միութիւնը հսկայական գործիքակազմ ունի իր ձեռքին․ ան պէտք չէ մտածէ, թէ եթէ բան մը ըսէ Հայաստանի դէմ, ատիկա Հայաստանը պիտի մղէ դէպի Ռուսիոյ ճամբարը։ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է հասկնայ, թէ իր քաղաքականութիւնը, որ այս պահուն կ՛անտեսէ խնդիրները, ալ աւելի պիտի խորացնէ բոլոր մտահոգութիւններն ու հարցերը։ Կայ այն տպաւորութիւնը, որ Փաշինեան կ՛ուզէ երեւանեան սկզբունքները կամ չափանիշները յառաջ քաշել Քոփենհակընի սկզբունքներուն փոխարէն եւ ժողովրդավարութիւնը փոխարինել բռնապետութեամբ»։

Խօսելով վերջին օրերու ձերբակալութիւններուն մասին՝ ան ըսաւ․ «Մենք չենք կրնար խօսիլ գործի էութեան մասին, բայց այս օրերուն նկատած ենք, որ մարդիկ կը ձերբակալուին կամ կալուածները կը բռնագրաւուին իշխանութիւններուն կողմէ՝ Փաշինեանի յայտարարութիւններէն անմիջապէս ետք։ Դատաիրաւական որեւէ փաստ չկայ, որեւէ վարոյթ չկայ։ Այս իմաստով՝ այս բոլոր գործողութիւնները անօրինական են։ Չկան դատական վարոյթներ՝ մարդիկ ձերբակալելու կամ անոնց ինչքերը բռնագրաւելու։ Օրէնքի գերակայութեան վրայ հիմնուած սովորական, բնական ժողովրդավարական երկրի մը մէջ կարելիութիւն չկայ մարդոց կալուածները առգրաւելու, զիրենք ունեզրկելու՝ առանց պաշտօնական մեղադրական եզրակացութեան»։

Պատասխանելով «Առաւօտ»ի միւս հարցումին՝ թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ Նիկոլ Փաշինեանի օրէ օր աւելի դէմ յանդիման եկող հռետորաբանութիւնը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին նկատմամբ, արդեօք ատիկա նպատակ ունի՞ տկարացնելու Հայաստանի ամէնէն ազդեցիկ կառոյցներէն մէկը՝ Եկեղեցին, Քենեթ Ռաթ  նշեց․ «Եկեղեցին ամբողջ աշխարհի մէջ հասարակութեան անկախ ձայնն է, որ պէտք է յարգուի։ Ժողովրդավարութիւնը այն չէ, որ Եկեղեցին միայն հոգեւոր հարցերուն պէտք է անդրադառնայ, իսկ քաղաքականութեան՝ նոյնիսկ ոչ։ Եկեղեցին կարեւոր քաղաքական եւ բարոյական ձայն է։ Կառավարութիւնը կը փորձէ սահմանափակել՝ դատելով Եկեղեցին, թոյլ չտալով խօսիլ կառավարութեան քաղաքականութեան մասին, ինչ որ հակաժողովրդավարական է։ Կառավարութեան այս քայլը կը հակասէ ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ կրօնական կազմակերպութիւններու դերակատարութեան իրաւունքին։ Եկեղեցին ալ խօսքի ազատութեան իրաւունք ունի, Սփիւռքն ալ խօսքի ազատութեան իրաւունք ունի․ խօսքի ազատութիւնը չի սահմանափակուիր ազգային սահմաններով։ Ասոնք ընդհանուր սկզբունքներ են, որոնք ամրագրուած են Հայաստանի Սահմանադրութեամբ»։