Ո՛չ-ի Շարժումը` Նոր Հանգրուանի Ուղի․ «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրի 36-ամեակը ուղերձներէն, մտորումներէն, խորհուրդի անդրադարձներէն անդին կարեւորագոյն ելակէտի վերածուելու ուղենիշը կը պարփակէ իր մէջ այս օրերուն: Շարժումի մը ելակէտին վերածուելու լուռ եւ բացայայտ պատգամը կ՛ամփոփէ իր մէջ, ուժերու համախմբման եւ հռչակագիրի սահմանադրականութիւնը պահելու ուղղութեամբ:

Գործող իշխանութիւնները բացայայտ կը յայտարարեն նոր սահմանադրութեան ընդունման մասին: Նոր սահմանադրութեան ամբողջ շարժառիթը Անկախութեան հռչակագիրը սահմանադրական ուժէն զրկելու քայլին մէջ կը կայանայ: Մնացեալ առաջարկները, խօսոյթները ածանցեալ են եւ պատրուակային նոյնիսկ:

Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջը թէ՛ Անգարայէն եւ թէ՛ Պաքուէն կու գայ: Երկու երկիրները առաւելագոյն զիջումները ապահովելու վարքագիծով կը շարունակեն պայմանականացնել խաղաղութիւնը մշտանորոգ նախապայմաններով:

Գործող իշխանութիւնը չունի սահմանադրական մեծամասնութիւն սահմանադրութեան փոփոխութիւն կատարելու եւ այդ նպատակով ալ հանրաքուէ կազմակերպելու:

Իշխանութիւնները նուազ քուէ հաւաքած են համեմատաբար անցեալ ընտրութիւններուն:

Եթէ նոյնիսկ հանրաքուէն կայանայ, տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ յառաջիկայ համապետական ընտրութեան հանրաքուէի փոփոխութեան համար աւելի քիչ թիւ պիտի ապահովեն իշխանութիւնները, հակառակ վարչական լծակներու համատարած օգտագործումին:

Հանրաքուէի կայացումը եւ իշխանութիւններու առաջադրած փոփոխութիւնը ապահովելը քուէարկութեան նոյն պատկերով չի կրնար կայանալ: Իշխանութիւնները շատ աւելի քուէի պէտք ունին Անգարայի եւ Պաքուի պահանջը իրականացնելու համար:

Ըստ Սահմանադրութեան 207-րդ յօդուածին.

«Հանրաքուէի դրուած աքթի ընդունումը.
Հանրաքուէի դրուած աքթն ընդունւում է, եթէ դրան կողմ է քուէարկել հանրաքուէի մասնակիցների կէսից աւելին, բայց ոչ պակաս, քան հանրաքուէներին մասնակցելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիների մէկ քառորդը»:

Իշխանութիւնները իւրովի մեկնաբանելով ստորեւ սահմանադրական յօդուածը, կրնան դիմել սահմանադրական փոփոխութեան:

«Յօդուած 204. Քաղաքացիական նախաձեռնութեան կարգով ներկայացուած օրէնքի նախագծի վերաբերեալ հանրաքուէն.

1.- Եթէ Ազգային ժողովը մերժում է Սահմանադրութեան 109-րդ յօդուածի 6-րդ մասով սահմանուած կարգով ներկայացուած օրէնքի նախագծի ընդունումը, ապա մերժումից յետոյ` վաթսուն օրուան ընթացքում, օրէնքի նախագծի ընդունման նախաձեռնութեանը ընտրական իրաւունք ունեցող եւս երեք հարիւր հազար քաղաքացու միանալու դէպքում նախագիծը դրւում է հանրաքուէի, եթէ Սահմանադրական դատարանը նախագիծը ճանաչում է Սահմանադրութեանը համապատասխանող: Քաղաքացիական նախաձեռնութեան մասնակիցների ստորագրութիւնների վաւերականութիւնը հաստատում է Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովը»:

Բայց պայմանը կը մնայ քուէարկութեան մասնակցելու իրաւունք ունեցող մասնակիցներու թիւին մէկ քառորդին ապահովումը:

Այս բոլորէն կարելի է հետեւցնել, որ Անգարայի եւ Պաքուի պահանջին ոչ ըսողներուն զանգուածը կրնայ տապալել այդ պահանջի իրականացումը: Տապալումը իր հերթին ժողովրդային տարողութեամբ անվստահութիւն յայտնել է եւ ժողովուրդին անհամաձայն ըլլալու փաստի ամրագրումն է այսօրուան վարքագիծին:

Հանրաքուէով ոչ-ի առարկայացումը կասեցումն է յանձնուողականութեան: Այս հանգամանքներով ալ 36-ամեակը կրնայ վերածուիլ համաժողովրդային շարժումի ելակէտի եւ այդպիսով հանդիսանալ առաջին քայլը պետութեան վերազգայնացումին: