«Ես, Այս Գիշեր (2) ԱՐՑԱԽԻ ՎԷՐՔԸ»
Դիւրին չէր ոչ մէկուս համար տեսնել երկրի մը կորուստը. արեամբ ներկուած հողի, հնամեայ տուներու, սրբազան եկեղեցիներու, հնամենի բերդերու եւ մաշտոցեան շունչով տոգորուած վանքերու յանձնումը՝ 44 օրերու ընթացքին միայն: Այս բոլորէն անկախ՝ մեր 5000 նահատակները, որոնք ոգի ի բռին պայքարեցան իրենց հողը, հայրենիքը՝ դրախտային Արցախը պաշտպանելու համար: Բայց արդիւնքը՞․․․ ոչինչ, կորուստ, կորուստ եւ կորուստ:
2021 թուականին, երբ բոլորս ականատես կ՚ըլլայինք Արցախի ճակատագրական պահերուն, Վարուժան սրբազանը, նստած իր գրասեղանին ետեւ, կը մտածեր, կը մտահոգուէր, կը տագնապէր եւ իբրեւ իր զայրոյթի արդիւնք՝ կը գրէր երկրորդ հատոր մը նոյն վերնագիրով, բայց տարբեր եւ մթին պարունակութեամբ․ «Ես Այս Գիշեր 2, Արցախի Վէրքը»: Ի՜նչ խորիմաստ եւ սրտաթափանց բառեր. Արցախի վէրքը: Իսկապէս վէրք է, որ մնաց եւ պիտի կոտտայ մինչեւ մահ:
Սրբազան հայրը այս հատորը գրած է յետպատերազմեան շրջանին, երբ անորոշութիւնը, յուսահատութիւնը եւ անտարբերութիւնը իրենց դրօշը պարզած էին արցախեան լեռներուն վրայ: Գիրքին մէջ նկարագրուած հայորդին նոյնինքն սրբազան հայրն է, որ թեւ առած, իբրեւ արծիւ սաւառնած եւ հաստատուած է արցախեան լքուած լեռներուն վրայ: Ան կանգ առած է քարայրի մը մէջ, ուր կան երկու անձեր՝ Համբերաքաղ պապիկն ու Յուսաբեր մամիկը: Անուններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ նոյնիսկ անորոշութեան պահուն սրբազանը լեցուն է յոյսով ու համբերատարութեամբ:
Սոյն գրական ստեղծագործութիւնը կը սկսի պատումով մը. երկխօսութիւն մը կայ սրբազան հօր եւ այս երկու անձերուն միջեւ, որոնք, կեանքի իմաստը ճաշակած ու հայրենի վէրքերը իրենց ուսերուն կրած, կ’ապրին քարայրի մը մէջ: Սրբազանը, հանդիպելով անոնց, զրոյցի կը սկսի արցախեան կեանքին եւ ի մասնաւորի 44-օրեայ պատերազմէն ետք հայրենիքի մէջ տիրող վիճակին շուրջ:
Պապիկն ու մամիկը, թէեւ պատերազմական վիճակի մէջ, մնացած էին կառչած իրենց հողին, աւանդութիւններուն, սրբութիւններուն եւ մշակոյթին, որովհետեւ իբրեւ փորձառու մարդիկ՝ շատ լաւ գիտէին, որ այս բոլորն ալ ձմռան նման պիտի գան ու երթան: Յատկանշական եւ խորհրդալից են այն խօսքերը, զորս գրած է սրբազանը՝ նկարագրելով այսօրուան աշխարհն ու անոր բոլոր դասակարգերու մարդիկը: Ան կ’ըսէ.
«Աշխարհը, ճիշդ է որ փոխուած է, բայց այդ փոփոխութիւնը փրփուր է: Մարդիկ գառնուկի մորթին տակ գիշատիչներու վերածուած են: Մարդիկ չեն խնայեր նոյնիսկ նոր ծնած երեխաները: Մեծերուն ո՛չ միայն արիւնը կը խմեն, այլ նոյնիսկ աղօտ քրտինքը կը քամեն: Սուրբերը պատէ-պատ կը զարնեն: Արդարութիւնը բախտախաղի տոմսերու վերածած են: Իսկական արդարութիւնը այժմ բառարաններու մէջ կ’ապրի միայն, թէեւ անպակաս է մարդոց շրթներէն: Որքան լոյսը տարածուած է, խաւարային կեանքը նոյնքան հաճելի եւ աւելի մտերիմ դարձած է մարդոց: Որքան առատութիւնը, նոյնքան եւ ընչաքաղցութիւնը ծակած է աչքերը մարդուն: Որքան զարգացում, այնքան ալ աւելի գազանութիւն, պատերազմ, մարդասպանութիւն գլուխ առած կը սուրան: Իսկական խաւար: Հաւատքը կեղծիքի վերածուած է եւ սէրը՝ աղտոտ լաթի» (էջ 13-14):
Խորքին մէջ բոլոր գրուածները ճշմարտութիւններ են. մարդիկ, իրենց անձնական շահը մտածելով, հայրենիք կը վաճառեն, կը յանձնեն՝ ժողովուրդին հաշուոյն:
Յուսաբեր եւ համբերաքաղ. սոյն ածականները խորունկ ազդեցութիւն ունին գիրքի ընթերցողին վրայ: Յուսաբեր՝ յոյս բերող մամիկն է, որ ականատես եղած էր պատերազմական ամբողջ վիճակին: Սրբազանը, ակնարկելով Յուսաբեր մամիկին, կը գրէ. «Մեր գիւղին մէջ իմ անունս Զուարթ էր: Մեծ փոթորիկէն ետք, երբ հոս ինկանք (այսինքն՝ քարայր), ալ զուարթութիւն չմնաց: Առաջին գիշերները եւ ցերեկները կատարեալ սարսափի մէջ էինք…: Երբ ամէն բան փոխուեցաւ ու համոզուեցանք փոփոխութեան, ես ինծի ըսի. Կեանքը տարբեր ընթացք մը առաւ, տունը ամբողջութեամբ տարբեր է, միջավայրը ամբողջութեամբ տարբեր, ա՛լ նոյնը ի՞նչ մնաց. անո՞ւնս, թող ան ալ փոխուի, դառնանք նոր մարդ, հին սպասումներով եւ նոր երազներով: Եւ ընտրեցի այս նոր անունը՝ Յուսաբեր, որ յոյսով անցընենք մեր գիշերներն ու ցերեկները» (էջ 35):
Նոյնիսկ անորոշութեան մէջ հայը միշտ փորձած է յոյսով մնալ, որովհետեւ ի վերուստ տրուած յոյսը յաւիտենական է: Սրբազանը, իր գիրքին մէջ աստուածաշնչական մեկնութիւններ կատարելով, ցոյց կու տայ ընթերցողին, որ յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր, ինչպէս կ’ըսէ Պօղոս առաքեալ իր նամակներուն մէջ: Յոյսով է, որ կը կերտուին հայրենիքը, ազգն ու եկեղեցին: Եթէ յոյս չունենանք, մեր ներկայութիւնը համազօր է մահուան. կը դառնանք մեռած ազգ մը:
Համբերաքաղ. համբերութեան մարմնացումը: Համբար աղան դարձաւ Համբերաքաղ պապիկ: Երբ աքսորուեցան իրենց տուներէն, Համբար աղան դարձաւ Համբերաքաղ, որովհետեւ, ինչպէս սրբազանը կը վկայէ իր գիրքին մէջ, ան կ’ըսէ. «Միակ բանը, որ ոտքի կը պահէր զիս, համբերութիւնն էր, եւ ահա նոր անունս՝ Համբերաքաղ» (էջ 36): Համբերութեամբ է, որ կրնանք մեր նպատակին հասնիլ: Սրբազանը, իբրեւ փորձառու անձ, համբերութիւնը իբրեւ նշանաբան ունենալով՝ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը: Յոբ համբերեց, եւ այդ իսկ պատճառով կոչուեցաւ «հայր համբերութեանց»: Համբերելով կրնանք կերտել մեր ապագան ու մեր կեանքը. թէկուզ տագնապներու բովէն անցնինք, պէտք է մնանք համբերատար, որպէսզի հասնինք մեր նպատակին:
Չորրորդ գիշերը սրբազան հայրը մենիկ պահ մը կ’ունենայ Աստուծոյ հետ՝ արտայայտելով իր շնորհակալութիւնը եւ միեւնոյն ժամանակ իր ցասումը: Ան կ’ըսէ. «Քրիստոս մտրակը չշարժեց իր առաքեալներուն վրայ, ոչ ալ անոնց վրայ, որոնք զինք ընդունեցին տեսնելով կամ առանց տեսնելու: Այլ մտրակը շարժեց անոնց վրայ, որոնք երկիրը կ’ապականեն, տաճարներն ու սրբատեղիները կը պղծեն, անոնց վրայ, որոնք արդարները կը հալածեն, մարգարէներն ու սուրբերը կը գլխատեն»: Ապա, հարց տալով Տիրոջ, կ’ըսէ. «Հիմա ի՞նչ փոխուած է, երկնաւո՛ր Հայր, Դուն որ ինձմէ աւելի լաւ կը տեսնես ամէն ինչ»: Ապա կը շարունակէ՝ նկարագրելով յետպատերազմեան արտաքին եւ ներքին թշնամիին կատարած արարքները. «Հիմա, երբ մարդասպանը սուրբի շապիկ կը կրէ, ապականողը՝ բժշկական բաճկոն, կեղեքիչը՝ արդարութեան գաւազան, ասպատակը՝ դատաւորի մական, ստախօսը Աւետարանը ունի իր ձեռքին… Չե՞ս տեսներ, սրբատեղիներդ աղբանոցներու կը վերածեն, սրբապատկերներդ գարշելի արարքներով կը պղծեն, Քու շունչովդ գրուած գիրքերը ոտքերու տակ կը տրորեն, սրբաքար խաչքարերը փշրանքներու կը վերածեն, ո՞ր մէկը ըսեմ, Հայր, Դուն ինձմէ լաւ կը տեսնես»: Կարծէք սրբազան հօր ներքին ցաւն է, որ աղօթքի եւ մենախօսութեան ճամբով կ’ուզէ արտայայտել Աստուծոյ:
Վերջաւորութեան, ակնարկութիւն մը կ’ըլլայ ժամանակին մասին, թէ երբ Աստուած այս բոլորին պատիժ պիտի սահմանէ: Սրբազանին աղօթած միջոցին մարգարէ մը կ’երեւի իրեն եւ կ’ըսէ. «Աստուծոյ մօտ ժամանակ չկայ, տղա՛ս: Պէտք է գիտնաս, որ Տէրը կը փորձէ մարդոց սիրտը, փորձաքարի կը զարնէ մարդոց խիղճն ու կամքը, եւ ապա կու տայ իր վճիռը»: Ցասումին եւ զայրոյթին աւարտը Տիրոջ կամքն է, Տիրոջ միջամտութիւնն է: Այսօր ալ, երբ կը գտնուինք անորոշութեան մէջ՝ ըլլայ հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ, միակ ապահովութիւնը Աստուծոյ քով է. միակ անձը, որ կը տեսնէ ամէն ինչ, Աստուած է: Ուստի պէտք չունինք նեղանալու, տագնապելու եւ զայրոյթով լեցուելու. մենք մեր դատը պէտք է յանձնենք Աստուծոյ, եւ ինչպէս Փարաւոնին հետ վարուեցաւ ու զինք ի վերջոյ փճացուց, նոյնը պիտի ընէ բոլոր անոնց, որոնք պատճառ եղան մեր անմեղ նահատակներուն արեան զեղումին: Մատթէոսի Աւետարանին մէջ Յիսուս կ’ըսէ. «Ով որ մինչեւ վերջ դիմանայ, անիկա պիտի փրկուի» (Մտ 10.22):
Հետեւաբար, այս հատորը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս Սփիւռքի աւանդական ու հոգեւոր մտաւորականութիւնը ապրեցաւ Արցախի աղէտը իր սիրտին մէջ: Ան ոչ թէ երեւութապէս տագնապեցաւ, այլ ամբողջական սիրտով, հոգիով ու միտքով իր լաւագոյնը ի սպաս դրաւ Արցախի վերականգնումին համար, ինչ որ կը կատարէ մինչեւ օրս՝ գլխաւորութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:
Սոյն հատորը դարձաւ առաջին հատորին անմիջական շարունակութիւնը: Եթէ 2018-ի առաջին հատորը «Թաւշեայ յեղափոխութեան» հանդէպ զգուշացումներու, մտահոգութիւններու եւ քաղաքական վերլուծումներու հաւաքածոյ մըն էր, 2021-ի երկրորդ հատորը կու գայ իբրեւ այդ ամէնուն ողբերգական հանգուցալուծումը՝ ցոյց տալով, թէ ներքին քաղաքական ցնցումները ինչպէ՛ս յանգեցուցին գոյութենական աղէտի:
Բայց այս բոլորէն վեր եւ անկախ՝ այս հատորը ազգային զգաստութեան կոչ մըն է՝ ուղղուած բոլորիս, մեծէն մինչեւ փոքր: Գիրքը սովորական ողբ չէ, այլ ահազանգ՝ ուղղուած համայն հայութեան, որպէսզի դուրս գայ թմրութենէն, վերագտնէ իր ինքնութիւնը եւ հասկնայ պետականութեան ու հողին արժէքը:
Խիստ յանձնարարելի է անոր ընթերցումը:
Արմէն վրդ.
23 Օգոստոս 2026
Հալէպ
