Կառավարութիւնը Լիազօրութիւն Չունի Եկեղեցւոյ Բարեկարգումը իր Ծրագիրին Մաս Դարձնելու. Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ
«Խոր ցաւ ենք ապրում՝ հետեւելով նորակազմ Ազգային ժողովում վերջին օրերին ՔՊ խմբակցութեան դրսեւորած անընդունելի վարքին»,- ըսուած է Գերագոյն Հոգեւոր խորհուրդի, Հայաստանի եպիսկոպոսներու եւ թեմակալ առաջնորդներու՝ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Օգոստոս 26-ին կայացած ժողովի յայտարարութեան մէջ։
«Տարակուսելի է, որ հայրենիքի առջեւ ծառացած բազմապիսի մարտահրաւէրների եւ արտաքին վտանգաշատ պարտադրանքների պայմաններում իշխող ուժը սահմանուած պարտականութիւնները կատարելու փոխարէն, կառավարութեան ծրագրի քննարկման ընթացքում, ակնյայտօրէն ոտնահարելով երկրի Մայր օրէնքը, անտեսելով միջազգայնօրէն ամրագրուած իրաւունքները, վերստին թիրախաւորում է մեր Սուրբ եկեղեցին։ Սոյն քաղաքականութիւնը անխուսափելիօրէն յանգեցնելու է առկայ լարուածութեան խորացմանը եւ նոր պառակտումների առջեւ է կանգնեցնելու մեր ժողովրդին հայրենիքում եւ Սփիւռքում»,- կը յայտարարէ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ․ի նախագահութեամբ կայացած ժողովը։
Յայտարարութեան հեղինակների պնդմամբ՝ «իշխանութիւնները ակնյայտ կեղծ մեղսագրումներ են կատարում Հայոց եկեղեցուն՝ վերջինս մեղադրելով «օտար ազդեցութեան գործակալ» եւ «պետութիւն պետութեան մէջ» լինելու, ինչպէս նաեւ Արցախի աղօթական յիշատակումով, արցախահայութեան իրաւունքների, հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ Պաքւում պատանդուած հայորդիների ազատ արձակման հարցերի արծարծմամբ՝ «պատերազմի կուսակցութիւն» եւ «անվտանգութեան սպառնալիք» հանդիսանալու մէջ»։
«Ամէն ջանք ի գործ է դրւում Մայր աթոռի, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին եւ հոգեւոր դասի դէմ շինծու մեղադրանքներով, անհիմն եւ ուղղորդուած քրէական հետապնդումներով արհեստական հիմքեր ստեղծելու՝ ներեկեղեցական կեանքին ու կարգուկանոնին միջամտելու եւ Հայոց եկեղեցւոյ ինքնավարութիւնը սահմանափակելու։ Դատապարտելի նկատելով կատարուածը՝ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդն արձանագրում է, որ Հայոց եկեղեցու շուրջ փորձ է արւում ձեւաւորելու արհեստական օրակարգ»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
«Կառավարութիւնը որեւէ լիազօրութիւն եւ Սահմանադրութեամբ ամրագրուած իրաւասութիւն չունի Եկեղեցու բարեկարգումը կառավարութեան ծրագիրին մաս դարձնելու, իր հայեցողութեամբ եկեղեցականներին «առաջարկներ» եւ պահանջներ պարտադրելու։ Ազգային ժողովը իրաւասու եւ պատկան հարթակը չէ ներեկեղեցական հարցերի քննարկման։ Հայոց եկեղեցու բարեկարգումը չի կարող կատարուել արտաքին ճնշումներով, սպառնալիքներով եւ նման կամայականութիւններով»,- կը պնդէ խորհուրդը։
Հայաստանի նոր կառավարութիւնը իր ծրագիրի մէջ առանձին գլուխ նուիրած է եկեղեցիին՝ նշելով, որ «ապահովելու է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցու փաստացի պետի հեռացումը (հանգստի կոչումը), եւ սահմանուած կարգով իրականացուելու է կաթողիկոսական տեղապահի ընտրութիւնը»։
Յիշեցնենք, որ խորհրդարանի մէջ, կառավարութեան ծրագիրը ներկայացնող վարչապետը ԱԺ-ի ամպիոնէն յայտարարեց, որ յառաջիկային եկեղեցիին առնչուող օրէնսդրական փոփոխութիւններ պիտի կատարուին։
