Սփիւռքի եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ Նորբոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում․ Յայտարարութիւն
Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը ստանձնած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը կը շարունակէ, ՀՀ Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու խախտումով, թիրախաւորել ազգային արժէքները, խորացնել ներազգային պառակտումը եւ սաստկացնել իր ապազգային քաղաքականութիւնը, որն առարկայօրէն կը ծառայէ թշնամական երկիրներու ծրագրերուն։
2026 թուականի ՀՀ Ազգային ժողովի ընտրութիւններու նախընտրական ծրագրէն մինչեւ խորհրդարանին ներկայացուած իր 2026-2031 թուականներու կառավարական ծրագիրը, ինչպէս նաեւ տարբեր ներկայացուցիչներու յայտարարութիւններով՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ՀՀ իշխանութիւնը (այս պարագային՝ ինքզինք) կը նոյնականացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ։ Ատիկա կը կատարուի ճիշտ այնպէս, ինչպէս ժամանակին կ՝ընէին բոլշեւիկները։ Անտեսելով այն փաստը, որ խնդրայարոյց վերջին ընտրութիւններուն քուէարկութեան մասնակցած ՀՀ քաղաքացիներու կէսէն աւելին իր դէմ քուէարկած է, «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը յամառօրէն կը շարունակէ յայտարարել, որ «եթէ մեզ հետ չէք, ուրեմն Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ էք», եւ կ՝ընթանայ այդ տրամաբանութեամբ։
Ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք, շատ արագ, ՔՊ-ն սահմանափակեց ՀՀ քուէարկողներուն իրաւունքները։
Ապա նոյն բոլշեւիկեան ոճով կրկնեցին, որ Սփիւռքի մէջ կան «հակապետական» եւ «պետականամէտ» շրջանակներ։
Կառավարութիւնը իր 2026-2031 թուականներու ծրագիրին մէջ ներառած է հայերու կողմէ ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացը դժուարացնելու եւ «Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ փաստացի պետի հեռացման» նպատակները։
«Իրական Հայաստան»-ի «գաղափարախօսութեան» հիման վրայ եւ սխալ գնահատականներով՝ կառավարութիւնը նաեւ իրար հակադրած է Հայրենիքի եւ Սփիւռքի հզօրացումը։
Վերջին շաբաթներուն ՔՊ-ի ներկայացուցիչներու կողմէ ընդհանրապէս Սփիւռքը եւ յատկապէս Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի համակարգը թիրախաւորելը ակամայ խոստովանութիւն է, որ այդ համակարգը կը գործէ արդիւնաւէտ, եւ անոր օրակարգը կ՝արժանանայ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան։ Այս արդիւնաւէտութենէն դժգոհ եղած են եւ կը շարունակեն դժգոհիլ նախ եւ առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան գլխաւոր սպառնալիք հանդիսացող թուրքիան ու ազրպէյճանը։ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, ըստ երեւոյթին, որոշած է այս պարագային եւս ձայնակցիլ այդ երկուքին։
«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան իշխանութիւնը, նորբոլշեւիկեան ոճով, մէկ կողմէն կը պնդէ, թէ ինքը միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն շահերը պաշտպանելու առաքելութիւն ունի, միեւնոյն ժամանակ կը պահանջէ, որ ամբողջ աշխարհասփիւռ ազգը հետեւի իր քաղաքական ուղեգիծին։
Խեղաթիւրումները դադրեցնելու յաւելեալ ջանքերով՝ արձանագրենք Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի համակարգի առաջնահերթութիւնները.
Ա) Արցախի եւ արցախցիներու բոլոր իրաւունքներու պաշտպանութիւն՝ իր բոլոր դրսեւորումներով՝ ազրպէյճանի յանցագործութիւններու պատիժէն մինչեւ վերադարձի իրաւունք եւ ինքնորոշում։
Բ) Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան ամրապնդման աջակցութիւն։
Գ) Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում, դատապարտում եւ հատուցումներ։
Դ) Երիտասարդներու պատրաստում հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Հայ Դատի պայքարին։
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի համակարգը իր վերոնշեալ նպատակներու իրագործման համար կրնայ պարբերաբար փոխել շեշտադրումները, մարտավարութիւնը պատշաճեցնել պահի պայմաններուն, բայց միշտ նոյն վճռականութեամբ ու հետեւողականութեամբ պիտի շարունակէ պայքարը։
Հ.Յ.Դ. ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
27 Օգոստոս 2026
