Քոնկրեսականներ Պահանջեցին Հայ Գերիներու Անյապաղ Ազատ Արձակումը
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի փոխատենապետ Պրետ Շըրմըն, ինչպէս նաեւ քոնկրեսականներ Ճիմ Քոսթա, Ճուտի Չու եւ Լօրա Ֆրիտմըն Յունիս 23-ին, Քոնկրեսի շէնքին մէջ տուին «1000 օր․ Հիմա ազատ արձակեցէք հայ պատանդները» խորագրուած մամլոյ ասուլիսը՝ Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինի կերպով պատանդ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, ռազմագերիներուն եւ քաղաքացի պատանդներուն բանտարկութեան 1000-րդ օրուան առիթով։ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ ասուլիսին մասնակցեցաւ անոր գործադիր վարիչը՝ Արամ Համբարեան։
Առնուազն 19 հայ ռազմագերիներ եւ քաղաքային պատանդներ կը շարունակեն ապօրինի կերպով պահուիլ Պաքուի բանտերուն մէջ։ Անոնց մէջ կան՝ Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան (2022–2023), Արցախի նախկին նախագահներ Արայիկ Յարութիւնեան (2020–2023), Բակօ Սահակեան (2007–2020) եւ Արկադի Ղուկասեան (1997–2007), ինչպէս նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան, արտաքին գործոց նախին նախարար Դաւիթ Բաբայեան, Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեան եւ նոյն բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեան։

Յատկանշական է, որ մամլոյ ասուլիսը տեղի ունեցաւ այն միջոցին, երբ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը կը պատրաստուի քննարկել Շըրմընի օրէնսդրական փոփոխութեան առաջարկը, որ Պաքուէն կը պահանջէ անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել բոլոր հայ ռազմագերիները եւ պատանդները։
Իր խօսքին մէջ, Շըրմըն յիշեց 2023-ին Արցախը հայաթափելու Ատրպէյճանի արշաւը, սկսելով շրջափակումէն ու հասնելով ռազմական գործողութիւններուն, որոնց հետեւանքով աւելի քան 100,000 հայեր բռնի կերպով տեղահանուեցան իրենց պատմական հայրենիքէն։ Ան արտայայտուեցաւ Արցախի ղեկավարներուն բեմականացուած դատավարութիւններուն եւ անոնց ընթացքին ներկայացուած երեւակայածին ամբաստանութիւններուն մասին, շեշտելով, թէ իսկական խաղաղութիւն կարելի է հաստատել բոլոր գերիներուն ազատ արձակումէն ետք։

Չու խօսեցաւ Արցախ կատարած իր այցելութեան մասին, որուն պատճառով Պաքու արգիլած էր անոր Ատրպէյճան մուտքը։ Ան շեշտեց, թէ տեղահանուած արցախցիները պէտք է վերադառնան իրենց հայրենիքը, եւ անմիջական քայլերու պէտք է դիմուի պաշտպանելու համար Արցախի մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը։
Ֆրիտմըն դատապարտեց հայ գերիներու կեղծ դատավարութիւնները, ինչպէս նաեւ Արցախի մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը բնաջնջելու Պաքուի քաղաքականութիւնը, Ատրպէյճանի վարչախումբը պատասխանատուութեան կանչելու կոչ ընելով։

Քոսթա պահանջեց Ատրպէյճանէն, որ իր ուժերը հեռացնէ Հայաստանի հողերէն եւ դատապարտեց հայ գերիները պատանդ պահելու Պաքուի քաղաքականութիւնը, շեշտելով, որ Ուաշինկթըն պէտք է յաւելեալ ճնշում բանեցնէ Պաքուի վրայ՝ ապահովելու համար հայ գերիներուն ազատ արձակումը։
Իր կարգին, Համբարեան կեղծ խաղաղութիւն համարեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյացող համաձայնութիւնը, շեշտելով, որ անոր իրականացումը համազօր պիտի ըլլայ Պաքուի ցեղասպանական արարքները վարձատրելուն, ազդարարելով, որ Պաքուին շնորհուող զիջումներուն փոխարէն, Ատրպէյճան միայն նոր ճնշումներու, նոր բռնութիւններու եւ նոր յարձակումներու պիտի դիմէ։

Ան իսկական խաղաղութեան համար կենսական համարեց՝ բոլոր պատանդներուն անյապաղ ազատ արձակումը, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն ատրպէյճանական զօրքերու հեռացումը, արցախահայութեան ապահով վերադարձը Արցախ՝ միջազգային երաշխիքներով, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը։
Հայ գերիներուն բանտարկութեան 1000-րդ օրուան առիթով զանոնք ազատ արձակելու կոչեր կատարեցին նաեւ ծերակուտական Էտըմ Շիֆ եւ քոնկրեսականներ Եանկ Քիմ, Վինս Ֆոնկ ու Թամ Լանթոսի անուան Մարդկային իրաւանց յանձնաժողովը։
