Դատարանը Վերացուց Միքայէլ արք. Աջապահեանի Տնային Կալանքը
ՀՀ վերաքննիչ քրէական դատարանը վերացուց Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի նկատմամբ սահմանուած տնային կալանքը՝ անփոփոխ ձգելով բացակայելու արգելքը։
Դատարանը նաեւ Սրբազանին նկատմամբ սահմանեց վարչական վերահսկողութիւն։
Յիշեցնենք, որ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի վերաբերեալ քրէական վարոյթը նախաձեռնուած էր 17 Յունիս 2025-ին։ Գործի յարուցումէն օրեր ետք, առանց Սրբազանին նախապէս ծանուցելու, իրաւապահները նախ ներխուժած էին Շիրակի թեմի առաջնորդարան՝ խուզարկութիւններ կատարելու նպատակով, ապա զինեալ կերպով մտած էին Վեհարան, ուր այդ պահուն քահանայից ժողով կը գումարուէր։
Ձերբակալութեան փորձը չէր յաջողած, քանի որ Սրբազանը ինքնակամ ներկայացած էր իրաւապահ մարմիններուն։
